Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Աֆաք խումբին դէմ, 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 2-0, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի):

ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան, Աւօ Տոնպուրեան (2-ական կոլ) եւ Հայկ Խաչերեան:
Երթին ՀՄԸՄ երէկուան իր մրցակիցէն կրած էր 9-7 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բարձրացաւ երրորդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 21 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ Սատի դաշտին վրայ մրցեցաւ Սփորթց Վիլի դէմ, 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Երուանդ Մանասերեան, Պասել Ֆաքիհ (2-ական կոլ), Սագօ Մոսկոֆեան, Շարպել Սաատէ (բերդապահ), Էլիօ Պու Ղազալէ եւ Փիեռ Քազզի (1-ական կոլ):


