Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին երթի մրցումին վիրաւորուեցաւ, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել անոր դաշտին վրայ տեղի ունենալիք դարձի մրցումին (6 մարտ):
Գերմանացի 28 տարեկան միջնապահը այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 28 մրցում, նշանակած 4 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:



