Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան, Լիոնի դէմ իր կազմին կատարած մրցումէն ետք քննադատեց «Լիկ-1-»-ը` նշելով, որ երբ մեծ ակումբներու մարզիկները Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») մրցումներուն «Կու լան», իրաւարարները անոնց անմիջապէս փենալթի կու տան:
«Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք («Չեմփիընզ լիկ», իրաւարարներուն դէմ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Էմերիի բողոքը եղաւ քիչ մը ծիծաղելի որովհետեւ ներքին ախոյեանութիւններուն անոնք բաւական գոհ կը մնան իրաւարարներէն, որոնք ի նպաստ զօրաւոր խումբերուն կը սուլեն:
Ֆրանսայի մէջ իրաւարարներուն մակարդակը բաւական ցած է եւ իւրաքանչիւր հանգրուանի մրցումներէն ետք տեղի կ՛ունենան վիճելի դէպքեր, որոնցմէ ետք խումբերը կ՛ըսեն, թէ իրաւարարները կ՛աջակցին Փարիզ Սեն Ժերմենին, Լիոնին եւ Մարսէյին», ըսաւ Տէր Զաքարեան:
Միշել Տէր Զաքարեան երեք մրցումւվ կախակայուեցաւ` նշեալ սուր քննադատութեան պատճառով:



