Եօթը ամիս ազրպէյճանական բանտին մէջ մնացած Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին ընդդէմ Ազրպէյճանի դատ բացած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ: Այդ մասին Լափշին գրած է իր «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ:
«Ընկերներս կը հարցնեն, թէ ինչի՞ վրայ պիտի ծախսեմ գումարը, եթէ շահիմ Ազրպէյճանի դէմ դատը` Եւրոպայի մէջ: Անկեղծ ըսեմ` չե՛մ մտածած: Տակաւին պէտք է շահիլ, ապա կը խօսինք», գրած է Լափշին` առանց մանրամասնութիւններ ներկայացնելու դատական դիմումին մասին:
«Տեսականօրէն ենթադրենք, որ ես յաղթեցի դատարանին մէջ եւ Ազրպէյճանը, ըսենք, պէտք է ինծի 50.000 եւրօ վճարէ: Եւ, ենթադրենք նաեւ, որ ես այդ դրամով Ստեփանակերտի քոնեաքի գործարանին մէջ լա՛ւ թնդեցուած 1000 շիշ հիանալի ղարաբաղեան քոնեաք գնեցի: Արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, որ Ազրպէյճանը իմ միջոցով ներդրում կ՛ընէ Ղարաբաղի տնտեսութեան մէջ», կատակելով հարց տուած է Լափշին:



