Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին կատարեց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն վիճակաձգութիւնը:
Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Պայէր Լեւերքուզընի, մինչ Շալքէ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:
Կիսաւարտականի այս ճակատումները տեղի պիտի ունենան 17 եւ 18 ապրիլին:
Նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրը` Պորուսիա Տորթմունտ, չկրցաւ մրցաշարքը շարունակել:


