Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Երեւանի մասին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ալիեւի յայտարարութիւնը, Երեւանի` ազրպէյճանական պատմական տարածք ըլլալուն եւ զայն ազատագրելու մասին, Զախարովա ըսած է. «Շատ լաւ գիտենք, որ Ազրպէյճանի դրացի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ծայրայեղ լարուած են: Վերոնշեալ արտայայտութիւնը ակնյայտօրէն չի նպաստեր լարուածութեան թուլացման»:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ գարնան տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն եւ անոնցմէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարներուն` Զախարովա ըսած է. «Անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ այդ տագնապը պիտի գտնէ իր լուծումը: Ինչպէս գիտէք, մենք պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնենք ատոր»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տանիէլ Քոուցի կողմէ վերջերս հրապարակուած «Սպառնալիքներու համաշխարհային գնահատականը» զեկուցումը կը նշէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը կրնայ վերածուիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ զինուորական տագնապի, որ կրնայ ներգրաւել Ռուսիան` իր շրջանային դաշնակիցին աջակցելու համար:
Փաստաթուղթը կը ներկայացնէ 2018-ին Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներու գնահատականը:
Մասնաւորաբար Ղարաբաղին նուիրուած հատուածին մէջ կը նշուի. «Երկու կողմերու` փոխզիջումի դիմելու ցանկութեան բացակայութիւնը, այլ կողմերէն ճնշման յաւելումը, Ազրպէյճանի զինուորական բնագաւառին կայուն արդիականացումը եւ 2018-ին Հայաստանի կողմէ նոր ռուսական զէնքի ձեռքբերումը կրնան լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու յանգեցնել»:



