Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է Սուրիոյ եւ շրջանային այլ հարցերու վերաբերեալ իր առաջնահերթութիւններն ու պատկերացումները:
Աղբիւրը աւելցուց, որ Էրտողան ու Թիլըրսըն նաեւ քննարկած են Իրաքի առնչուող հարցեր, շրջանային զարգացումներն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը: Հանդիպումի ընթացքին Թիլըրսընին «ամենայն յստակութեամբ» ներկայացուած են բոլոր վերոնշեալ նիւթերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններն ու պատկերացումները:
3 ժամ 15 վայրկեան տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը հինգշաբթի օր Անգարա այցելեց միջինարեւելեան իր հնգօրեայ շրջապտոյտի ծիրին մէջ: Թուրք պաշտօնատար մը երէկ հաղորդեց, թէ Անգարա Թիլըրսընին առաջարկած է, որ քրտական ուժերը Եփրատ գետի արեւելեան ափ նահանջեն եւ Մընպեժի մէջ տեղակայուին ամերիկեան եւ թրքական ուժեր` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը սերտէ Անգարայի առաջարկը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը, որ Թիլըրսընին կ՛ընկերակցէր, իր կարգին յայտնեց, որ Թիլըրսըն Թուրքիոյ նախագահին հետ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերեալ «դրական ու անկեղծ քննարկումներ» կատարած է:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի ժողովի ծիրին մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճէյմս Մաթիսի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները վտարել Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն եւ դադրեցնել այդ ջոկատներուն տրամադրուող աջակցութիւնը:
Մաթիս իր կարգին յայտարարած էր, որ Ճանիքլիի հետ հանդիպումը անկեղծ էր, սակայն հաստատած, որ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: «Կը կարծեմ, որ հասարակաց ենթահողի որոնման ընթացքի մէջ ենք, եւ գոյութիւն ունին ոլորտներ, ուր մեր պատկերացումները իրարու համապատասխան չեն, որովհետեւ պատերազմը երբեմն տրամադրութեանդ տակ կը դնէ վատ այլընտրանքներ… կը շարունակենք անոնց արդարացի մտավախութեանց լուծումը երաշխաւորելու կարելիութեանց շուրջ գործակցութիւնը», ըսած էր Փենթակոնի ղեկավարը:
Թիլըրսըն. «Մընպեժը Մեր Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնն Է»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «Ամերիկեան կողմը չյարգեց մեզի տուած կարգ մը խոստումները»` աւելցնելով. «Ուաշինկթընի հետ մեր յարաբերութիւնները որոշ ատենէ ի վեր լարուած են»: «Անգարա եւ Ուաշինկթըն իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համաձայն են», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Ֆեթհուլլա Կիւլենի եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն վերաբերեալ ամերիկեան քայլի մը կը սպասէ` նշելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դիմակայման մեքանիզմի մը ստեղծման շուրջ:
«Անգարա Ամերիկայի հետ կրնայ քայլեր որդեգրել հազիւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հեռանան սուրիական Մընպեժէն», աւելցուց Չաւուշօղլու:
Թիլըրսըն իր կարգին շեշտեց Թուրքիոյ հետ «խոր յարաբերութիւնները»` աւելցնելով, որ Անգարայի հետ նպատակներու համընկնում գոյութիւն ունի:
«Պիտի շարունակենք հիւսիսային Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ աշխատանքը, եւ Մընպեժը պիտի ըլլայ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը… վստահեցուցինք, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն մեր տրամադրած զէնքերը ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան դէմ պատերազմին համար են, մեր տրամադրելիք պիւտճէն եւս պիտի ըլլայ կազմաեկրպութեան դէմ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Իր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու Թուրքիոյ իրաւունքին կը գիտակցինք», ըսաւ ան` միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղելով Աֆրինի մէջ ինքնազսպումի դիմելու: «Մեր քննարկումներուն ընթացքին արծարծեցինք բազմաթիւ հարցեր, կեդրոնացանք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան դէմ պայքարին վրայ եւ խօսեցանք ապահովական գօտիին շուրջ», յայտնեց Թիլըրսըն:
Թիլըրսըն նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը կ՛աջակցի յեղաշրջման փորձին մասնակիցներուն արտայանձնումը ապահովելու Թուրքիոյ իրաւունքին: Ան նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց ազատ արձակելու ամերիկացի քաղաքացիները, որոնք կամայական պայմաններու մէջ ձերբակալուեցան:
Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը անդրադարձաւ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ հակաօդային համակարգի գործարքին եւ ըսաւ, որ երկու կողմերը պիտի շարունակեն Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի գնման թղթածրարի հարցը քննարկել:



