Նախորդ շաբաթավերջին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ դրամատուներու պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը:
Այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, մինչ զայն կազմակերպողն է «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Սալամէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք:
Անոնք շեշտեցին այս մրցաշարքին կարեւորութիւնը` միեւնոյն ժամանակ յաջողութիւն մաղթելով մասնակցող խումբերուն:
Բացման մրցումին Կեդրոնական դրամատան խումբը յաղթեց Մետիթերանէ դրամատան խումբին (84-63): Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Քրետի Լիպանէ եւ Սոսիեթէ Ժեներալ` յաջորդաբար Աուտէի (61-37) եւ Լիպանօ-Ֆրանսեզի (61-56) դէմ:




