Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Լիամ Միլըր մահացաւ 36 տարեկանին:
Անոր մօտ նոյեմբեր 2017-ին ի յայտ եկաւ քաղցկեղի հիւանդութիւնը:
Ֆութպոլիստը քանի մը ամիս այդ հիւանդութեան դէմ պայքար մղելէ ետք մահացաւ:
Ան մաս կազմած է նաեւ Սելթիքի, Լիծ Եունայթըտի, Սանտըրլենտի, Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի եւ Հիպեռնիընի: Ան 2004-ին Սելթիքի հետ հանդիսացաւ Սկովտիոյ ախոյեան: Իրլանտայի հետ ան կատարած է միջազգային 21 մրցում:



