ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր սիրելիներէն մէկը ձեզի պէտք ունի, եւ դուք ալ պէտք ունիք անոր: Տարակարծութիւնները վերացուցէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճկունութեամբ կարեւոր նիւթեր պիտի ներկայացնէք ու քննարկէք: Ժողովներու պիտի մասնակցիք եւ ճամբորդութիւններ պիտի կատարէք: Օգտուեցէք ձեր ձիրքերէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Իմաստուն եղէք ձեր ծախսերուն մէջ: Նոր ներդրումներ կատարելու համար յատուկ հանդիպումներ պիտի ունենաք: Այս շրջանը յարմար է նիւթական շահ ապահովելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Փոփոխութիւն պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ: Նոր սկիզբ մըն է աշխուժութեան: Անակնկալ մը կամ լուր մը կը սպասէ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կտրուկ որոշումներ մի՛ տաք: Յուսահատեցնող շրջան մը պիտի ապրիք: Տխուր եւ տագնապեցնող պահեր պիտի ապրիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անհատներու հետ պիտի համաձայնիք` ծրագիր մը իրականացնելու: Դուք կարիք ունիք այլոց օգնութեան եւ զօրակցութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Շինիչ զրոյց մը պիտի ունենաք: Զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր գործերը ընթացքի մէջ ըլլան: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր քայլերը, որոնք նեղացուցած են շատեր:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յարաբերաբար ուրախ եւ յաջող պահեր կ՛ապրիք: Ամսուան լաւ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Յառաջանալու համար առիթներ մի՛ կորսնցնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Վիճակը կրնայ փոխուիլ ի նպաստ ձեզի, երբ դուք վարուիք դիւանագիտութեամբ եւ ճկունութեամբ: Ձեր սխալները պիտի սրբագրէք եւ զիջումներ կատարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս օրերուն դժուար պիտի ըլլայ ձեզի հետ հասկցուիլ: Մի՛ քննադատէք եւ մի՛ վիրաւորէք ձեր շուրջինները: Դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Կարգաւորեցէք ձեր աշխատանքները եւ մի՛ մոռնաք ձեր առողջական վիճակը: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործը, եթէ նոյնիսկ երկար ժամեր պահանջէ, ջանացէք ամբողջացնել զայն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի մեծ մասամբ: Յարմար շրջան է քննարկումներու: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք:
