Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քրին: Ասիկա դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով` վեհափառ հայրապետը անոր լայն ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին` միաժամանակ անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը: Այս ծիրին մէջ դեսպանը պարզեց իր երկրին հաւասարակշռուած մօտեցումը կրօնական հարցերուն գծով, ինչպէս նաեւ գործակցութեան պատրաստակամութիւնը այն բոլոր աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնց նպատակը արդարութեան ու մարդկային իրաւանց վրայ հաստատուած խաղաղութիւնն է եւ ազգերուն միջեւ փոխադարձ յարգանքը:



