Իսրայէլի համախմբական կառավարութեան ղեկավարները որոշեցին յետաձգել Այսրյորդանանի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելու եւ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ առնելու որոշումի որդեգրումը:
Երկու ամիս առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը պաղեստինեան բռնագրաւեալ բոլոր հողերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելու որոշումի մը նախագիծը ներկայացուցած էր:



