Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացումը Կատարուեցաւ Աշխատանքային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Գրասենեակին

February 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ ուրբաթ, 9 փետրուարին բացումը կատարուեցաւ Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին: Գրասենեակը հիմնուած է ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ:

Աշխատանքային հիմնական իրաւունքներու մասին իրազեկում, աշխատանքային վէճերու պարագային դատական հայցերու պատրաստութիւն, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն, աշխատանքային վէճերու գծով (չվճարուած աշխատավարձ, աշխատանքէ անօրինական ազատումներ եւ այլն), զբաղուածութեան պետական ծառայութեան տարածքային կեդրոններ ուղղորդելու միջոցով աշխատանքային եւ մասնագիտական կողմնորոշման ու այլ հարցերու համար քաղաքացիները կրնան դիմել նորաբաց կեդրոն եւ անվճար օգտուիլ անոր ծառայութիւններէն:

Գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ աշխատանքի շուկայի ներկայ լարուած պայմաններուն մէջ, աշխատողներու աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը սուր է: Ըստ անոր, յաճախ կը դրսեւորուին գործատուներու կողմէ աշխատողներու իրաւունքներու ոտնահարման փաստեր:

«Շատ յաճախ մարդիկ, չիմանալով, թէ որու դիմեն իրենց խնդիրներով, տեղեակ չըլլալով իրենց իրաւունքներու մասին, չեն կրնար հետամուտ ըլլալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան: Այս գրասենեակի նպատակը այդ է` գրասենեակը ամէնօրեայ աշխատանքային դրութեամբ անվճար ծառայութիւններ կը մատուցէ քաղաքացիներուն, որպէսզի նախ եւ առաջ անոնք իրազեկուած ըլլան իրենց իրաւունքներուն մասին եւ կարենան հետամուտ ըլլալ իրենց ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման», շեշտեց Համբարձումեան:

Նշենք, որ Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ բաւական մեծ է հիմնարկութիւններու աշխատաւորներու թիւը:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Թադեւոս Աւետիսեան, ընդգծելով նման նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, նշեց, որ գրասենեակին բացումը պայմանաւորուած է ներկայ զարգացումներով: Ըստ Աւետիսեանի, աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ո՛չ միայն պետական որեւէ մարմինի գործառոյթ է, այլ պէտք է եղած ջանքերը ներդնեն նաեւ բոլոր շահագրգիռ կողմերը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, առանձին անհատներ, որոնք ունին նման կարելիութիւններ:

Նորաբաց գրասենեակի գործունէութիւնը պիտի համակարգէ փաստաբան, Փաստաբաններու պալատի անդամ Էտկար Կոտոյեան, ըստ որուն` գրասենեակի հիմնական գործը աշխատանքային եւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, եթէ գրասենեակը յաջողի, պիտի փորձեն նաեւ մասնաճիւղեր ունենալ մարզերուն մէջ: Գրասենեակը երկու կարեւոր հարց պիտի լուծէ` աշխատողի իրաւունքներու մասին իրազեկուածութեան բարձրացում եւ այդ իրաւունքներու պաշտպանութիւն:

«Իբրեւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն` կրնամ ըսել, նախ պէտք է մարդոց իրազեկման խնդիրը լուծենք, որովհետեւ երբեմն նաեւ զարմանալի է` ինչքան իրազեկուած չէ հասարակութիւնը իր իրաւունքներուն մասին, սակայն նոյնքան կարեւոր է այդ իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը», ըսաւ Մանոյեան:

Ան նշեց նաեւ, որ գրասենեակի վայրը աշխարհագրականօրէն չի սահմանափակեր դիմողները, այսինքն` որեւէ շրջանէ կրնան դիմել գրասենեակի օգնութեան:

 

Նախորդը

Աթեշեան Եպս. «Ոչ Մէկ Պատրիարք Առանց Թուրքիոյ Պետութեան Կամքին Ընտրուած Է»

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.