Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Մէջ Փայլանի Կատարած Յայտարարութիւնները Իրարանցում Ստեղծած Են Թուրքիոյ Մէջ

February 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ մեծ մտավախութիւններ ունի Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութիւններէն վնասուող խաղաղ բնակչութեան վիճակին վերաբերեալ եւ կատարուածը համեմատած էր աւելի քան մէկ դար առաջ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հետ:

«100 տարի առաջ նոյն բանը կ՛ընէին հայերուն նկատմամբ, եւ ատիկա յանգեցուց Հայոց ցեղասպանութեան, ես` իբրեւ հայ, Աֆրինի վերաբերեալ մեծ վախեր ունիմ», ըսած էր Փայլան:

Հայազգի երեսփոխանի այս խօսքերը մեծ իրարանցում յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ, երկրի իշխանամէտ մամուլը զինք մեղադրած է կողմնակալութեան, սուտ տեղեկութիւններ տարածելու եւ Թուրքիոյ դէմ ատելութիւն սերմանելու համար:

Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքն ալ սուտ որակած է նախապէս Աֆրինի մէջ հայ երիտասարդի մահուան մասին լուրն ու լուրին տարածման համար մեղադրած է Փայլանի կուսակցութիւնը:

Թրքական «Սթար» օրաթերթն ալ, իր կարգին,«Հայազգի Փայլանը Ֆրանսայի մէջ ատելութիւն կը փսխէ Թուրքիոյ վրայ» խորագիրով յօդուածին մէջ գրած է, որ ընդդիմադիր երեսփոխանը «կը շարունակէ ցեղասպանութեան մասին 100-ամեայ սուտը»:

Բացի ատկէ, թրքական մամուլը պնդած է, որ Փայլան կողմնակալութիւն կը դրսեւորէ ու կը լռէ քիւրտ զինեալներու կողմէ թիրախաւորուող խաղաղ բնակիչներու մահերուն մասին:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ . Իսրայէլի Կառուցած Սահմանային Պատը Թիւ 1701 Բանաձեւի Բացայայտ Խախտում Է, Եւ Կը Պահանջուի Մնայուն Կերպով Լիբանանի Իրաւունքները Պահպանելու Ուղղութեամբ Աշխատիլ

Յաջորդը

Պոլսոյ Կուսակալութիւնը Անվաւեր Նկատեց Պատրիարքի Տեղապահին Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.