ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հորիզոնները պիտի ընդարձակուին, եւ գալիք օրերուն պիտի տօնէք ձեր յաջողութիւնը: Անուանի անձնաւորութիւն մը պիտի ըլլաք: Ճնշումները պիտի վերանան, եւ ձեր միտքը բոլորովին հանգիստ պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կրկնեցէք ձախող փորձերը եւ մի՛ յանձնուիք ճնշումներուն: Խօսեցէք եւ ձեր միտքերը արտայայտեցէք ձեր պայմանները բարելաւելու համար: Մի՛ տկարանաք: Յստակ եւ պատասխանատու եղէք ձեր գործին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այսօր կարեւոր առիթ մը պիտի ունենաք ձեր նպատակները ճշդելու եւ ամբողջացնելու կարեւոր յանձնառութիւն մը: Ձեռնածալ մի՛ մնաք: Դրական շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր հարցեր պիտի քննարկէք: Դժուար քննութիւններ պիտի ապրիք: Վարչական խնդիրները ճշգրտութեամբ սերտեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ամսուան ամէնէն վատ օրերէն մէկն է: Ձեր անդորրը պիտի վտանգուի: Գաղտնիքներու բացայայտումէն զգուշ եղէք: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Առտու կանուխէն ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան: Տարբեր զգացումներ պիտի պարուրեն ձեզ: Ձեր ժամանակը դասաւորեցէք ուշացումէ զերծ մնալու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Իւրայատուկ եւ սքանչելի շրջան մըն է: Բախտը ձեզի պիտի ժպտայ, եւ մեծ ուրախութիւն մը պիտի ապրիք: Ոգեշնչուած էք երկար սպասուած ձեր ծրագիրը իրականացնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յոգնածութիւն պիտի զգաք եւ պիտի նախընտրէք տուն մնալ` հեռու լոյսերէն: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ: Ինքնաբաւ եղէք, եթէ կ՛ուզէք հանգիստ պահել ձեր գրպանը: Դրական շրջան մըն է սխալները սրբագրելու. օգտուեցէք առիթէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կարիք պիտի ունենաք կողմի մը օգնութեան: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն: Ձեր դրամին եւ ունեցուածքին հոգ տարէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նորութիւն մը գտէք եւ իւրայատուկ վիճակ մը փնտռեցէք: Ուրախութեամբ եւ յաջողութեամբ խոստմնալից պահեր պիտի ապրիք: Մի՛ վարանիք զանազանութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ ստորագրէք որեւէ պայմանագիր, ժխտական շրջան մըն է առանց բախտի: Ձանձրոյթ կամ տխրութիւն պիտի զգաք: Ձեր գործերը պիտի դանդաղին:
