
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան մարզական բնագաւառի մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ծնողներն ու մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն կարգին էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի տնօրէն Մոհամետ Աուայտաթ, որ կը ներկայացնէր նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Զէյտան եւ այլ անդամներ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ եւ այլն:
Ժորժ Զէյտան շնորհաւորելով բոլորը անոնց յաջողութիւն մաղթեց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով, ըլլան անոնք տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:


