Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը, որ Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի մը, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրանալ 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան յայտնեց, որ Հայաստանէն բացի այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Ռումանիոյ 156 երիտասարդ ըմբիշներ:



