Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը 2018-ին պիտի շարունակէ կազմակերպել եւրոպացի հասարակական, քաղաքական գործիչներու այցելութիւնը Արցախ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան: Անոր համաձայն, այսօր Արցախի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը այնպիսին է, որ սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ կը դառնայ Արցախի մէկ դեսպանը:
«Այն, ինչ որ մենք գիտենք Արցախի պետականութեան, ժողովուրդին եւ դժուարութիւններուն մասին, պէտք է ներկայացնել օտարներուն: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը, կապի մէջ ըլլալով եւրոպացի շատ երեսփոխաններու հետ, անոնց եւ այլ հասարակական խումբերու այցելութիւնները դէպի Արցախ կը նկատէ իր առաքելութեան հիմնական նպատակներէն: Այս օրերուն արդէն իսկ Հայ դատի գրասենեակը կազմակերպած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Լարս Ատաքթուսսոնի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ, ուր ան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ ունեցաւ», ըսած է Շիրինեան:
Անոր համաձայն, այս պատուիրակութիւններուն այցելութիւնը կարեւոր կը նկատուի անով, որ այդ գործիչները տեղւոյն վրայ կը ծանօթանան իրավիճակին, բացի ատկէ, անիկա կը նպաստէ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման, որ ձեւով մը նաեւ կը հակազդէ Ազրպէյճանի «խաւիարային» դիւանագիտութեան:
«Այսպիսի ձեռնարկներու գործնական արդիւնքները կարելի է միայն երկարաժամկէտ կտրուածքով ստանալ, սակայն անմիջական արդիւնքները եւս չեն ուշանար: Մէկ օրինակ կրնամ ներկայացնել` Պելճիքայի մէջ Արցախի հետ բարեկամական խումբի ստեղծումը, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2017-ին Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած` Եւրոպահայոց 4-րդ համագումարի ծիրին մէջ, Արցախի նախագահին ներկայութեամբ: Ի դէպ, նշուած բարեկամական խումբին մաս կազմող երեսփոխանները նախօրեակին ընդգրկուած էին Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ դէպի Արցախ այցելութիւն իրականացուցած պատուիրակութիւններու մէջ: Պէտք է նշել, որ այսպիսի խումբեր նաեւ գոյութիւն ունին Եւրոպական խորհրդարանին եւ Ֆրանսայի ազգային ժողովին մէջ», ըսած է Յարութ Շիրինեան:
Շարունակելով ներկայացնել ընթացիկ տարուան ընելիքները` Յարութ Շիրինեան նշած է, որ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս պիտի աշխատին քանի մը ուղղութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած արդարութեան պայքար, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պահպանում եւ մեկուսացման նուազում:
«Իրականութեան մէջ, 2017-ին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, համայն աշխարհին ցոյց տալով իրենց իսկական դէմքը, անգիտակցաբար նպաստեցին Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն: Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքները յստակ են բոլորին: Նաեւ յստակ են Ազրպէյճանի «խաւիարային» դիւանագիտութեան փաստերը եւ սահմանագօտիին յարձակողական ոճը: Այստեղ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ 2018-ին մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ եւրոպական քաղաքական դասակարգի ներկայացուցիչներէն պահանջել, որ ճնշում գործադրեն Ազրպէյճանի վրայ սահմանին զինադադարի խախտումներու հետաքննական կառուցակազմերը տեղադրելու նպատակով», ըսած է ան:
Ընթացիկ տարուան մէջ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը ձեռնարկներ կը նախատեսէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով: Այս տօնը մեծ շուքով նշելու համար ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ շարք մը ձեռնարկներ կը նախատեսուին Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ` ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, համերգներ եւ այլն:



