Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Աֆրինի Մէջ Թրքական Գործողութիւնը

February 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ մէջ իր միջամտութիւնը:

«Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սուրիական հարցով երկխօսութիւնը կը շարունակուի», աւելցուց Ղասեմի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Թուրքիա Աֆրինի մէջ իր գործողութիւնները պէտք է դադրեցնէ»:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Աֆրինի շրջանի տեղական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի անդամներուն կոչ ուղղած են «անմիջապէս միջամտելու` Թուրքիոյ յարձակումը դադրեցնելու համար»:

Մինչ այդ, Աֆրինի դէմ թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ 449 անձեր ձերբակալուած են ահաբեկչութեան քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով, իսկ 124 ուրիշներ ձերբակալուած են գործողութեան դէմ բողոքի ցոյցերու մասնակցութեան համար:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ հինգ թուրք զինուորներու սպանութեան պատճառ դարձած հրթիռը արտադրող երկրին մասին տեղեկութիւններ ունի, սակայն անոր անունը յայտարարելու համար տակաւին կանուխ է:

Յիշեցնենք, որ թրքական բանակը կիրակի օր յայտարարած էր, որ Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին 2 թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:

«Անգարան գնահատականներ ունի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Որ կողմն ալ ըլլայ, անիկա ձեռք-ձեռքի կը գործէ ահաբեկիչներուն հետ, եւ երբ հարցը յստականայ, զայն ամբողջ աշխարհին պիտի յայտարարենք»:

«Մայատին» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հրասայլերէ, զրահապատ մեքենաներէ եւ փոխադրակառքերէ բաղկացած թրքական բանակի շարասիւն մը երէկ առաւօտեան մուտք գործած է Սուրիա եւ ուղղուած է Իս բլուրին ուղղութեամբ:

Ընկերային ցանցերուն մէջ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մօտիկ հասցէատէրեր հաղորդեցին, որ թրքական աղբիւրներ նշեցին, թէ թրքական բանակի շարասիւնը սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներու հրետանիին կողմէ ռմբակոծուած է, երբ փորձած է մօտենալ բլուրին:

Յիշեցնենք, որ սուրիական բանակի եւ անոր դաշնակիցներու հրետանին մէկ շաբաթ առաջ եւս ռմբակոծած էր Իս բլուրին մօտ գտնուող թրքական բանակի շարասիւն մը:

Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական շարասիւնը լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման միջազգային համաձայնութեան հիմամբ` կ՛ուղղուի Հալէպի նահանգի հարաւային շրջանի Իս բլուրին մօտ հսկողութեան 6-րդ կէտ մը հաստատելու համար:

Միւս կողմէ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Շատ մտահոգ ենք Սուրիոյ մէջ զինեալներու ուսին վրայ կրակուող հակաօդային համակարգեր ունենալէն, որովհետեւ ատիկա հսկայական վտանգ կը ներկայացնէ բոլոր կառավարութիւններուն»:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շեշտեն Երուսաղէմի Կարգավիճակի Պահպանման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Դանակով Զինուած Անձ Մը Փորձած Է Ներխուժել Իրանի Նախագահական Նստավայր

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.