Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շեշտեն Երուսաղէմի Կարգավիճակի Պահպանման Կարեւորութիւնը

February 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Էրտողանն ու պապը շեշտեցին ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ միջազգային օրէնքին հիմամբ ճշդուած Երուսաղէմի կարգավիճակի պահպանման կարեւորութիւնը:

Անոնք իրենց հանդիպումին ընթացքին նաեւ անդրադարձան օտարներու նկատմամբ ատելութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հասարակաց ջանքերը եւ ընդգծեցին կրօններն ու ահաբեկչութիւնը իրարու առնչելուն սխալ ըլլալը:

«Պէտք է ետ կանգնիլ ահաբեկչութիւնն ու իսլամութիւնը իրարու առնչելու մտադրութեամբ գրգռիչ կեցուածքներէն», շեշտեց Էրտողան:

Իտալական «Ռայ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկ ժամ:

Նշենք, որ Լիբանանի Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ Ֆրանչիսկոս պապին կոչ ուղղեց` Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին արեւելքի քրիստոնեաներու մտահոգութիւնները արծարծելու եւ Էրտողանէն պահանջելու «ճանչնալ քրիստոնեայ ժողովուրդներու` հայերու, ասորիներու եւ քաղդէացիներու դէմ 103 տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը, որոնք մենք կը կոչենք «Սայֆօ», որովհետեւ պատմութիւնը չի ջնջեր իրականութիւնն ու իրաւունքները», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահէն պահանջելու իրենց պատմական իրաւատէրերուն վերադարձնել եկեղեցիները, կալուածներն ու գիւղերը:

Աֆրամ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին կոչ ուղղեց` Էրտողանէն պահանջելու առեւանգուած Եուհաննա եպս. Իպրահիմի եւ Պուլոս եպս. Եազիճիի ազատ արձակման օժանդակել, ինչպէս նաեւ ընդունիլ արեւելքի մէջ ազգային ու կրօնական բազմազանութեան եւ հաւասարութեան ու քաղաքացիութեան սկզբունքին հիմամբ ուրիշը ընդունիլ:

 

Նախորդը

Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ձախողութենէն Ետք Հոլանտա Տուն Կանչեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Յաջորդը

Թեհրան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Աֆրինի Մէջ Թրքական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.