Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Ծանօթացած Է Հայաստանի Տարածքային Կառավարման Եւ Զարգացման Նախարարութեան 2017 Տարուան Գործունէութեան

February 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 3 փետրուարին այցելած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն` ծանօթանալու 2017-ին գերակայ խնդիրներու կատարման եւ միջոցառումներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018-ի կատարելիքներուն:

Ըստ անոր, շատ կարեւոր է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջոցով կարելի դարձնել ձեւաւորումը համայնքային եւ մարզային կառավարման ճարտարապետութեան, որպէսզի համապատասխան կողմերը տեղեակ ըլլան չափորոշիչներուն եւ առաւելագոյն չափով ներգրաւուած ըլլան զարգացման բոլոր ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ իւրաքանչիւր շրջանին մէջ ճշդել կառոյցներուն վիճակը եւ անհրաժեշտ աշխատանք տանիլ զանոնք ամրացնելու ուղղութեամբ:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է, որ 2017-ն տարածքային եւ տեղական ինքնակառավարման մէջ հիմնարար փոփոխութիւններու եւ համակարգային յատակագիծերու ներդրման տարի եղած է: Ան դիտել տուած է, որ կառավարութեան ծրագիրներով նախարարութեան յանձնարարուած բոլոր աշխատանքները ընթացքի մէջ են, ոմանք աւարտած են, իսկ ուրիշներ` շուտով:  Ըստ Լոքեանի, քննարկումները ցոյց տուած են, որ լրջագոյն խնդիրը տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ է, որոնք չեն ունեցած համակարգային կանոնակարգուած սկզբունքներ այն հիմնական հարցերուն առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին համայնքային տնտեսութեան զարգացման, եկամուտներու յաւելման եւ այլն: Այդ նպատակով նախարարութիւնը նախորդ տարի ստեղծած է 10 մեթոտական աջակցութեան բազմաբնոյթ ուղեցոյցներ, որոնք փոխանցուած են համայնքներուն: Մեթոտական ուղեցոյցներու կիրարկումով, մեծցուած 34 համայնքի մէջ տարեվերջին 1 միլիառ 125 միլիոն դրամի փոփոխութիւն եղած է:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է համայնքներուն մէջ առկայ ամբողջ գոյքի արձանագրութիւնը եւ ճշգրիտ գոյքահարկի հաշուառումը` յանձնարարելով տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ: Ըստ անոր, աշխատանքներն ու գործելաոճը պէտք է նոյնը մնան նաեւ 2018-ին: «Մենք ամբողջ դաշտը պէտք է գծենք, վերջացնենք ու հասկնանք` իւրաքանչիւր եռամսեակ մենք ի՞նչ կ’ուզենք, իսկ տարուան աւարտին ի՞նչ է մեր ակնկալութիւնը: Եթէ մենք տարուէ տարի հետեւինք, պիտի գայ օր մը, երբ լուծուած պիտի ըլլան ընթացիկ բոլոր խնդիրները»:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, մշակոյթի եւ միւս մարզերուն մէջ նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն համար, որոնք կը նպաստեն մարզերուն եւ համայնքներուն մէջ այս ուղղութիւններով դրական տեղաշարժին եւ կառավարութեան կողմէ դրուած խնդիրներու լուծման: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յորդորած է նախարարութեան աշխատակազմը` աւելի մեծ թափով շարունակելու ծրագիրներու իրականացումը:

 

Նախորդը

«Տինքի Սպանութեան Մասին Տեղեկութիւն Տրուած Էր, Բայց Որեւէ Քայլ Չէր Առնուած Զայն Կանխելու» Կ՛ըսէ Գաղտնի Գործակալը

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Արմէն Ամիրեանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.