Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 4 փետրուարին, երբ տեղի կ՛ունենան 18-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի: Այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Վաղը նոյն ժամուն Անթունիէ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Հիւր կազմին համար յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր, որպէսզի կարենայ յոյս ունենալ հեռանալու 9-րդ եւ նախավերջին դիրքէն:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, որոնք դարձեալ պիտի սկսին ժամը 17:00-ին, Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Նոյն ժամուն, Լուէյզի հիւրը կ՛ըլլայ Թատամոնի, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, առաջին չորս դիրքերուն դասաւորումը փոփոխութիւն կրնայ կրել:
Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին, Պէյրութ, որ հիւրը եղաւ Մութթահետի, 88-80 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեց 5-րդ դիրքին վրայ, ուր Բ. հանգրուանին պիտի մրցի ՀՄԸՄ-ի, Ռիատիի, Շանվիլի եւ Սաժեսի դէմ:
Պէյրութէն 33 կէտ նշանակեց Քրիս Քրոֆթ, մինչ անոր խմբակիցներ Քէոնաու Փոսթ եւ Պասել Պաուժի 5-ական ֆաուլ կատարելով մրցումը չկրցան շարունակել:


