Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան տիրացաւ Ճիպրալթարի «Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտական թայ-պրէյքի մրցումին յաղթեց ֆրանսացի իր մրցակիցին` Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին:
Թայ-պրէյքի կայծակնային մրցումին, առաջին չորս ճակատումներէն երեքը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ չորրորդին Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 50-րդ շարժումին յաղթանակ մը արձանագրեց:
10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, չորս կրանտմասթըրներ` Արոնեան, Լակրաւ, ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա եւ հունգարացի Ռիշար Ռափորթ, ապահովեցին 7,5-ական կէտ: Անոնք պայքարը շարունակեցին թայպրէյքով:
Կիսաւարտականին, Արոնեան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռափորթին, մինչ Լակրաւ` Նաքամուրային (2,5-1,5):
Այսպիսով, տիտղոսակիր Արոնեան ստացաւ 25 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:



