Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Սեն Ժոզեֆ համալսարանը կը կազմակերպէ դպրոցական խաղեր, որոնց այս տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 62 վարժարաններու (Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն) 2433 երկսեռ աշակերտներ:
Մրցումները, որոնք սկսան երէկ, պիտի կատարուին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Էշրեֆիէի եւ Մար Ռուքոզի դաշտերուն վրայ:
Այս խաղերուն փակումը պիտի կատարուի կիրակի, 11 փետրուարին:
Պիտի կիրարկուին հետեւեալ մարզաձեւերը. պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ փոնկ, լողարշաւ, ֆութսալ, հենտպոլ, պետմինթոն:



