Անգլիական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Մարուան Ֆելլայնի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շուրջ 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
30 տարեկան պելճիքացին վիրաւորուեցաւ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, երբ իր կազմը պարտուեցաւ (2-0):
Շատ հաւանաբար ան վիրաբուժութեան ենթարկուի:



