Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ երկրին ազգային հաւաքականը 24 մարտին Երեւանի մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը եւս պիտի կատարէ Էսթոնիոյ դէմ:
Նախապէս յայտարարուած էր, որ 27 մարտին Հայաստան պիտի մրցի Լիթուանիոյ դէմ:



