Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐԱԶԱՏ ՕՃԱԽ, ՈՐ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ Է

November 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բա­րե­րա­րու­թիւնը  եղած է բազ­մա­թիւ ազն­ուա­կան հա­յե­րու կեն­ցա­ղի ու կեան­քի մէկ կա­րե­ւոր մա­սը: Մա­նա­ւանդ օտար ափե­րուն  ապ­րած եւ հայ­րե­նի հող ու մշա­կոյ­թէ զրկուած հա­յե­րը ջանք չեն խնա­յած նոյն այդ օտար հո­ղե­րուն վրայ հա­յա­նպաստ գոր­ծեր կա­տա­րե­լու` այդ ձե­ւով պա­հե­լով հայ­րե­նի­քի ու ար­մատ­նե­րու հետ հո­գե­ւոր ու մնա­յուն կա­պը:  Այդ­պի­սի հա­յե­րէն եղած է նա­եւ եգիպ­տա­հայ  Աւե­տիս Չա­գեճ­եա­նը,  որուն մի­ջոց­նե­րով եգիպ­տա­հայ գա­ղու­թին մէջ կա­տար­ուած են  յի­շա­տա­կե­լի գոր­ծեր. անոր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­ռուցո­ւած շի­նու­թիւն­նե­րէն մաս մը տա­կա­ւին կան­գուն է Գա­հի­րէի մէջ` իբ­րեւ վկա­յու­թիւն ժա­մա­նա­կին  մեծ ու հզօր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած եգիպ­տա­հա­յու­թեան, ինչ­պէս, օրի­նակ, աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հայ­կա­կան եկե­ղե­ցին, որ Աւե­տիս Չա­գեճ­եան կա­ռու­ցած  է  իր մօր պատ­ուին: Այ­սօր ալ  եկե­ղեցիի պա­տին վրայ պահ­ուած է «Ի յի­շա­տակ Վիք­թոր­իա Չա­գեճ­եա­նի»  գրու­թիւնը…  Սա­կայն Աւե­տիս Չա­գեճ­եա­նի դուստ­րը` Լիւ­սի Չա­գեճ­եան-Թիւ­թիւնճ­եա­նը,  չի սի­րեր խօ­սիլ այդ մա­սին:  Ան իր հայ­րա­կան ըն­տա­նի­քին ամուր եւ հայ­կա­կան աւան­դոյթ­նե­րը իր մէջ պա­հած ու Լի­բա­նան եկած է,  հաս­տատ­ուած է հոս  եւ լու­ռու­մունջ կը շա­րու­նա­կէ բա­րե­րար ըն­տա­նի­քին աւան­դու­թիւն­նե­րը` միշտ, սա­կայն, խու­սա­փե­լով խօ­սե­լէ իր կա­տա­րած գոր­ծե­րուն մա­սին: Ան վստահ է,  որ  նուի­րա­տուն կամ բա­րե­րա­րը  իր կա­տա­րա­ծին մա­սին պէտք չէ բարձ­րա­ձայն խօ­սի, եթէ ան ի սրտէ  կա­տա­րած է, պէտք է միայն գո­հու­նա­կու­թիւն զգայ` տես­նե­լով գոր­ծին ար­դիւնք­նե­րը: Նոյն ձե­ւով,  տի­կին Լիւ­սին չման­րա­մաս­նեց  իր ու ամու­սի­նին` Կար­պիս Թիւ­թիւնճ­եա­նին կա­տա­րած բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին,  բայց մենք գի­տենք, որ  այս ըն­տա­նի­քը իր նպաս­տը ու­նե­ցած է գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան մար­զե­րու մէջ, ինչ­պէս նա­եւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ  աջակ­ցած է ըն­կե­րա­յին ծրա­գի­րի մը, որուն շնոր­հիւ օժան­դա­կու­թիւն ստա­ցած է 300 հայ ըն­տա­նիք:

Իսկ Թիւ­թիւնճ­եան ըն­տա­նի­քին անու­նով կա­տար­ուած ամե­նա­մեծ բա­րե­րա­րու­թիւնը թե­րեւս եր­կու տա­րի առաջ Շաղ­զոյ­եան կեդ­րո­նին մէջ բաց­ուած  Հա­մազ­գա­յի­նի «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» ցու­ցաս­րահն է, որուն հիմ­նադր­ման երկ­րորդ տա­րե­դար­ձը կը լրա­նայ այս օրե­րուն:

Հրա­շա­լի  ցու­ցաս­րահ է Հա­մազ­գա­յի­նի «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» սրա­հը, որ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին միայն դրա­կան ու հա­ճե­լի զգա­ցո­ղու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց բո­լո­րիս:  Ցու­ցաս­րա­հը դար­ձաւ ոչ միայն կեր­պար­ուես­տի գոր­ծեր ցու­ցադ­րե­լու վայր, այլ նա­եւ` բազ­մա­թիւ ար­ուես­տա­սէր­նե­րու  հա­մար ջերմ ու հա­րա­զատ հան­դի­պում­նե­րու, ար­ուես­տի լոյ­սի ներ­քոյ զի­րար տես­նե­լու, միտ­քեր փո­խա­նա­կե­լու  կեդ­րոն մը…

Իր բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով  2009 թուա­կա­նի նո­յեմ­բե­րին` ցու­ցաս­րա­հը իր գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ ամ­րագր­ուե­ցաւ «Վա­հէ Սե­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան, գրա­տա­րած­ման կեդ­րո­նի եւ գրա­խա­նու­թի կող­քին եւ իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց` մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նեց  Հա­մազ­գա­յի­նի բազ­մա­ճիւղ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ, ի հար­կէ նա­եւ ըլ­լա­լով առա­ջին ար­հես­տա­վարժ  ցու­ցա­սրա­հը` թէ՛  Հա­մազ­գա­յի­նէն, թէ՛ Պուրճ Հա­մու­տէն  ներս առ­հա­սա­րակ:

Ցու­ցաս­րա­հի երկ­րորդ տա­րե­դար­ձին առի­թով «Ազ­դակ» հան­դի­պում ու­նե­ցաւ  ինչ­պէս  «Վա­հէ Սե­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան, գրա­տա­րած­ման կեդ­րո­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Հա­ւա­թեա­նին, այն­պէս ալ ցու­ցաս­րա­հին մէջ ան­հա­տա­կան ու խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէս­ներ ու­նե­ցած   կարգ մը ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ ցու­ցաս­րա­հի գե­ղար­ուես­տա­կան յանձ­նա­խում­բի քա­նի մը ան­դամ­նե­րու հետ:

Յա­կոբ Հա­ւա­թեան նշեց, որ ի սկզբա­նէ, մին­չեւ ցու­ցաս­րա­հին հիմ­նու­մը,  իրենց առ­ջեւ առա­ջադ­րանք­ներ դրած են, որոնց մէկ մա­սը կա­տար­ուած է.  «Ի սկզբա­նէ  նպա­տակ կար լի­բա­նա­նա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քին բե­րել նոր որակ  եւ մթնո­լորտ, մեր մշա­կու­թա­սէր հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նել հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քա­հայ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րը,  քան­դա­կա­գործ­ներն ու այլ մար­զե­րու մէջ  իրենց ար­ժա­նա­ւոր դիր­քե­րը նուա­ճած ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը,  բաց­ուիլ տե­ղա­կան մի­ջա­վայ­րին   եւ մեր մշա­կու­թա­յին  հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեանն ու աւան­դին իրա­զեկ դարձ­նել նա­եւ  լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դը: Ան­շուշտ շատ ընե­լիք­ներ կան տա­կա­ւին, սա­կայն կրնանք ըսել, որ այս բո­լո­րը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ճա­նա­պար­հի մէկ մա­սը ար­դէն ան­ցած ենք», «Ազ­դակ»ին ըսաւ Յա­կոբ Հա­ւա­թեան, շեշ­տե­լով կա­րե­ւո­րու­թիւնը մա­նա­ւանդ ար­ուես­տա­սէր­նե­րուն դե­րին այդ ան­ցած ճա­նա­պար­հին մէջ.  «Մեր ար­ուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւնը գիտ­ցաւ ար­ժե­ւո­րել այս­պի­սի  հաս­տա­տու­թեան  մը  ներ­կա­յու­թիւնը` գա­ղու­թին մէջ: Այս եր­կու տա­րի­նե­րը մէկ ան­գամ եւս ապա­ցու­ցե­ցին, որ մենք ու­նինք բարձ­րա­ճա­շակ ար­ուես­տա­սէր», Յա­կոբ Հա­ւա­թեան  այդ մէ­կը հա­մա­րեց յա­ջո­ղու­թեան հիմ­նա­քա­րե­րէն մէ­կը` մեծ ուժ նկա­տե­լով ոչ միայն ար­ուես­տա­գէ­տը, այլ` ար­ուես­տա­սէ­րը, որուն հա­մար է, որ ամէն ջանք ու եռանդ կը թափ­ուի` ցու­ցա­հան­դէս մը յա­ջողց­նե­լու հա­մար:

Ցու­ցաս­րա­հը բաց­ուած է` լրաց­նե­լու նա­եւ ցու­ցաս­րա­հա­յին աս­պա­րէ­զի` մեր մէջ առ­կայ բա­ցը, հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ գրե­թէ չկան ցու­ցաս­րահ­ներ, եւ հայ  նկա­րիչ­նե­րուն իրենց ապ­րած ու ստեղ­ծա­գոր­ծած մի­ջա­վայ­րին մէջ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­նա­լու քիչ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տրուած էր:

Ցու­ցաս­րա­հը իր գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ չմնաց զուտ հայ­կա­կան  ­ծիրին մէջ, այլ աւել­ցաւ Լի­բա­նա­նի մէջ գոր­ծող հին ու նոր ցու­ցաս­րահ­նե­րու կար­գին` դառ­նա­լով գե­ղար­ուես­տի գոր­ծե­րու ցու­ցադ­րու­թեան մնա­յուն հաս­ցէ մը:

Մի­ա­ժա­մա­նակ ցու­ցաս­րա­հին մէջ ցու­ցադրո­ւած գոր­ծե­րուն հան­դէպ  հե­տաքրք­րու­թիւն կար նա­եւ Լի­բա­նա­նէն դուրս:

«Անոնք, որոնք զա­նա­զան առիթ­նե­րով Լի­բա­նան այ­ցե­լե­ցին, մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­ցին կա­տար­ուած աշ­խա­տան­քը, եւ իրենք ալ առիթ ու­նե­ցան ար­ուես­տի այդ  գե­ղե­ցիկ գոր­ծե­րէն   ու­նե­նա­լու եւ տա­նե­լու իրենց հետ», աւել­ցուց Յա­կոբ Հա­ւա­թեան:

Լի­բա­նա­նէն դուրս հե­տաքրք­րու­թեա­նը կը նպաս­տէ նա­եւ ցու­ցաս­րա­հի  ար­դէն գոր­ծող կայ­քէ­ջը` www.artgallery.hamazkayin.com

Կայ­քէ­ջը ոչ միայն Հա­մազ­գա­յի­նի ցու­ցաս­րա­հին քա­րոզ­չու­թիւն է, այլ նա­եւ ձե­ւով մը քա­րոզ­չու­թիւնն է այն­տեղ ցու­ցադր­ուած ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն եւ նա­եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու  հա­մար հսկա­յա­կան շտե­մա­րան մըն է, եւ այդ մէ­կը իր նպաս­տը կը բե­րէ այս մար­զի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին:

Ան  նման կա­ռոյ­ցի մը գո­յու­թիւնն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կա­րե­ւոր նկա­տեց ինչ­պէս ժո­ղո­վուր­դի եւ ար­ուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան գե­ղար­ուես­տա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման, այն­պէս ալ նոր սե­րուն­դին հա­մար: Բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ, դպրոց­նե­րէն աշա­կեր­տա­կան խում­բեր այ­ցե­լած են եւ կը շա­րու­նա­կեն այ­ցե­լել ցու­ցաս­րահ` հա­ղոր­դակց­ուե­լու ժա­մա­նա­կա­կից գե­ղան­կար­չու­թեան, տեղ­ւոյն վրայ անոնք ստա­ցած են իրենց յու­զող հար­ցե­րուն  պա­տաս­խան­նե­րը կա՛մ հե­ղի­նա­կի, կա՛մ մաս­նա­գէ­տի կող­մէ. «Այդ մէ­կը իր դրա­կան  ազ­դե­ցու­թիւնն ան­պայ­ման ու­նե­նա­լու է անոնց հո­գե­կերտ­ուած­քին վրայ. ար­ուես­տը ազն­ուաց­նող, բիւ­րե­ղաց­նող բարձր գա­ղա­փար­ներ ներշն­չող մարզ մըն է եւ ար­ուես­տի հետ առն­չուող պա­տանի­ին միայն դրա­կանն է, որ  կը փո­խան­ցէ», մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշեց Յա­կոբ Հա­ւա­թեան:

Ցու­ցաս­րա­հը ար­դէն եր­կու տա­րե­կան է եւ ձեռք­բե­րում­նե­րուն կող­քին խօ­սե­լով նա­եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, Յ. Հա­ւա­թեան յայտ­նեց հե­տեւ­եա­լը.

«Դժուա­րու­թիւն­ներ գրե­թէ չեն եղած, ինչ ալ որ եղած են, եղած են առար­կա­յա­կան հար­ցեր: Ի վեր­ջոյ,  այս մար­զը նա­եւ ձե­ւով մը ներդ­րում պա­հան­ջող մարզ մըն է, են­թա­կան եթէ պի­տի ու­զէ բո­լոր ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէն գոր­ծեր ու­նե­նալ, քիչ մը դժուար է այդ մէ­կը, այ­սօր­ուան պայ­ման­նե­րը թե­րեւս որոշ չա­փով մը կը դժուա­րաց­նեն գոր­ծը: Յու­սանք` աւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով աւե­լի  լայն տա­րո­ղու­թիւն կը գտնէ աշ­խա­տան­քը», ըսաւ ան` չժխտե­լով, որ անց­նող ամիս­նե­րուն ցու­ցաս­րա­հը, այն­ուա­մե­նայ­նիւ, ար­դա­րա­ցու­ցած է ինք­զինք իբ­րեւ առեւտրա­կան կա­ռոյց եւ ձե­ւով մը նա­եւ սա­տա­րած է Հա­մազ­գա­յի­նի գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան  աշ­խա­տանք­նե­րուն…

ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱՑ­ՆԵԼ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐՁ­ՐԱՐ­ԺԷ­ՔԸ

Մեր զրու­ցա­կի­ցը յայտ­նեց, որ առա­ջին օրէն ցու­ցաս­րա­հին կից կազմ­ուե­ցաւ ար­ւես­տա­բան­նե­րէ եւ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած  գե­ղար­ուես­տա­կան  վար­չու­թիւն մը, որ  առա­ջին օրէն մին­չեւ այ­սօր մեծ բծախնդ­րու­թիւն  ցոյց տուած է ներ­կա­յաց­ւած դի­մում­նե­րուն, ներ­կա­յաց­ուած գոր­ծե­րու որա­կին.  «Այդ իմաս­տով շատ յա­ճախ կը պար­տա­ւոր­ուինք շատ աւե­լի բծախն­դիր ըլ­լալ, սրա­հը չվե­րա­ծել պար­զա­պէս նկար վա­ճա­ռե­լու վայ­րի մը,  մնալ  մաս­նա­գի­տա­կան բար­ձուն­քի վրայ: Սի­րո­ղա­կան բա­ժի­նը մեր առա­քե­լու­թե­ան մաս­ չի­ կազմ­եր», ըսաւ Յա­կոբ Հա­ւա­թեան:  Ան խօ­սե­ցաւ նա­եւ յա­ռա­ջի­կա­յին սրա­հի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ սպա­սուող փո­փո­խու­թեան մա­սին. ցու­ցա­սրա­հը պի­տի դառ­նայ նա­եւ ար­ուես­տի նիւ­թե­րու շուրջ քննար­կում­նե­րու կեդ­րոն մը, ին­չը լրա­ցու­ցիչ առիթ մը կ՛ըլ­լայ ար­ուես­տա­գէտ­ներն ու ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը  կրկին ան­գամ հա­մախմ­բե­լու: Այդ մէ­կը նա­եւ բազ­մա­թիւ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու ցան­կու­թիւն է: Մեր զրու­ցա­կի­ցը նկա­տեց, որ առ­հա­սա­րակ Լի­բա­նա­նի մէջ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը հան­դուր­ժող են մէ­կը միւ­սին կա­տա­րած գոր­ծին հան­դէպ, եւ զերծ են առ­հա­սա­րակ ըն­դուն­ուած եւ տա­րած­ուած այն մտայ­նու­թե­նէն, որ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը զի­րար չեն հան­դուր­ժեր. «Մենք մեր գոր­ծին մէջ տե­սանք, որ այդ մէ­կը շատ նուա­զա­գոյն է,  ընդ­հան­րա­պէս մէ­կը միւ­սին գործն ու յա­ջո­ղու­թիւնը շատ կը գնա­հա­տէ, առանձ­նա­պէս ակ­նա­ռու դիւ­րազ­գա­ցու­թիւն­ներ չկան այս առու­մով,  ինչ որ շատ  ող­ջու­նե­լի է,  քա­նի որ բո­լորն ալ, ինչ որ կ՛ընեն, իրենց գոր­ծին հա­ւա­տա­լով է, որ կ՛ընեն:  Իրեր­հաս­կա­ցո­ղու­թեան ոգին, որ կայ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն մի­ջեւ, պար­տա­ւո­րեց­նող հան­գա­մանք է մե­զի հա­մար, որ մենք մնա­յուն ձե­ւով զի­րենք հա­մախմ­բենք եւ մի­ջա­վայր ստեղ­ծենք»:

«Եւ ի հար­կէ, առանց իրենց ազն­ուա­կա­նու­թիւնը վի­րա­ւո­րե­լու, կ՛ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Կար­պիս եւ Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան­նե­րուն, որոնք չմնա­ցին սոսկ բա­րե­րար­ներ եւ չբա­ւա­րար­ուե­ցան բա­րե­րա­րի իրենց կար­գա­վի­ճա­կով, այլ իրենց կա­րե­լին ըրին` սրա­հը նկա­տե­լով իրենց հա­րա­զատ օճա­խը, ապ­րե­ցան սրա­հի ու­րա­խու­թիւն­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով:  Կրնամ ըսել, թէ որ­քան մեծ էր իրենց նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւնը, նոյն­քան ալ մեծ էր նա­եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թիւնը», Հա­մազ­գա­յի­նի «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» ցու­ցաս­րա­հի մա­սին մեր զրոյ­ցը այս­պէս եզ­րա­փա­կեց Յա­կոբ Հա­ւա­թեան:

Ցու­ցաս­րա­հը բաց­ուե­ցաւ Լի­բա­նա­նի երի­ցա­գոյն ար­ուես­տա­գէտ­նե­րէն մէ­կուն` Կիւ­վտէ­րի ցու­ցա­հան­դէ­սով, որուն ազ­դե­ցու­թիւնը բա­րե­բեր եւ դրա­կան եղաւ ցու­ցաս­րա­հին  հա­մար: Այդ դրա­կան ազ­դե­ցու­թեան մա­սին խոր իմաս­տա­սի­րու­թեամբ իր ցու­ցա­հան­դէ­սին օրը  խօ­սած էր նախ ինք` Կիւվ­տէր, ըսե­լով, որ տի­ե­զե­րա­կան մեծ ուժն է, որ ուղ­ղոր­դած է այս գոր­ծը…

Կիւ­վտէ­րի ցու­ցա­հան­դէ­սին յա­ջոր­դե­ցին ար­ժէ­քա­ւոր ու հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, որոնք նոր անուն­ներ ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան  ու­ղի­ներ բա­ցա­յայ­տե­ցին մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ: Մի­ա­ժա­մա­նակ ար­ուես­տա­սէ­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ տես­նե­լու ար­դէն ծա­նօթ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու  նոր  գոր­ծեր: Ի յայտ եկան նոր ձե­ռագ­րեր, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան   նոր  եւ ար­ուես­տի շա­հը պաշտ­պա­նող բազ­մա­թիւ մտայ­ղա­ցում­ներ:  Ցու­ցաս­րա­հը չմնաց լոկ գե­ղար­ուես­տի գոր­ծեր ցու­ցադ­րե­լու վայր մը, այլ դար­ձաւ ջերմ ու տա­քուկ մի­ջա­վայր, որ­տեղ մեր այս ան­պաշտ­պան օրե­րուն պաշտ­պան­ուած են   ար­ուես­տա­գէտն ու անոր շա­հը, մի­ա­ժա­մա­նակ  յարգ­ուած է շա­հը բարձ­րա­ճա­շակ  ար­ուես­տա­սէ­րին,  որ բո­լոր սրահ­նե­րուն մէջ  չէ, որ կրնայ գտնել  իր նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծեր: Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցում­ներ, մտեր­միկ հան­դի­պում­ներ, զրոյց­ներ, քննար­կում­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, հին ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու վեր­յի­շում­ներ, գե­ղե­ցի­կի եւ լու­սա­ւո­րի  վե­րա­հաս­տա­տում…

 Ցու­ցաս­րա­հին մա­սին կը խօ­սին իրենք` ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը.

Կիւ­վտէր, գե­ղան­կա­րիչ, Լի­բա­նան.- «Իմաս­տուն ցու­ցաս­րահ մըն է մեր այս ցու­ցաս­րա­հը,  ես զայն կեն­դա­նի օր­կա­նիզմ կը նկա­տեմ, որ ու­նի իր մտա­ծո­ղու­թիւնը, իր շնչա­ռու­թիւնը եւ իր շարժ­ուե­լու ուղ­ղու­թիւնը:

«Հետզ­հե­տէ ա՛լ աւե­լի կ՛ընդ­լայ­նէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը, պի­տի գայ ժա­մա­նակ մը, երբ ամէն մարդ պի­տի ու­զէ հոն ցու­ցադր­ուիլ:  Այ­սօր 30-40 տար­ուան ցու­ցաս­րահ­ներ կան, որոնք կը նա­հան­ջեն, բայց Հա­մազ­գա­յի­նի ցու­ցաս­րա­հը առաջ գնաց: Պա­տիւ է, որ իմ ցու­ցա­հան­դէ­սով բաց­ուե­ցաւ անի­կա,  շատ լաւ ցու­ցա­հան­դէս մը ու­նե­ցայ եւ կը պատ­րաստ­ուիմ յա­ջորդ հա­ւա­քա­ծոս ներ­կա­յաց­նել, որ նո­րու­թիւն է, միշտ նո­րու­թիւն­ներ ու­նիմ, միշտ պատ­րաստ եմ իմ սի­րե­լի սրա­հին մէջ նոր գոր­ծեր ընե­լու»:

Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան, գե­ղան­կար­չու­հի, ցու­ցաս­րա­հի բա­րե­րա­րու­հի.- «Այս ցու­ցաս­րա­հին հիմ­նու­մը պա­տա­հա­կան չե­ղաւ, անի­կա իմ  սրտիս շատ խօ­սող բան մըն էր, մա­նա­ւանդ որ հայ­կա­կան շունչ պի­տի ըլ­լար, ատի­կա մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է:  Ցու­ցաս­րա­հը սա­տար եղաւ հայ գա­ղու­թին, Պուրճ Հա­մու­տին, ամէն ինչ շատ յա­ջող ան­ցաւ, քով-քո­վի եկան ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը, որոնց հա­մար   այս հան­դի­պում­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են: Հա­րա­զատ սրահ մըն է, կար­ծես  բո­լորս մէկ տան մէջ կը հա­ւաք­ուինք,  տա­քուկ ու ջերմ բան մը կայ ատոր մէջ, մա­նա­ւանդ որ բո­լորս ալ  գրե­թէ զի­րար կը ճանչ­նանք: Ու­րախ եմ, որ այս­պէս բան մը եղաւ, ատ­կէ աւե­լի մեծ ու­րա­խու­թիւն չկայ ին­ծի հա­մար»:

Գրի­գոր Նո­րիկ­եան, գե­ղան­կա­րիչ, Լի­բա­նան.- Կը շնոր­հա­ւո­րեմ ան­շուշտ, եր­կու տա­րե­կան եղաւ ցու­ցաս­րա­հը եւ  մենք,  իբ­րեւ հայ նկա­րիչ­ներ, չենք կրնար չու­րա­խա­նալ, քա­նի որ  մե­զի հա­մար բաց­ուե­ցաւ ցու­ցաս­րա­հը:  Քա­ղա­քին մէջ կան այլ սրահ­ներ, սա­կայն առեւտ­րա­կան ուղղ­ւա­ծու­թիւն ու­նին, այս սրա­հը այդ­պի­սին չէ, այլ ար­ուես­տի  շունչ  մը եւ ուղղ­ուա­ծու­թիւն մը ու­նի: Ող­ջու­նե­լի է, որ նկա­րիչ­նե­րուն իրենց ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման առի­թով սրա­հը ինք   պատ­կե­րա­գիր­քը նուէր կ՛ընէ:  Նկա­րիչ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուաւ իրենց գոր­ծե­րը կա­խե­լու տեղ ու­նե­նալ, այն­պէս, ինչ­պէս դե­րա­սա­նը բե­մի պէտք ու­նի, մենք` նկա­րիչ­ներս ալ պէտք ու­նինք սրա­հի, որ մեր նկար­նե­րը ցու­ցադ­րենք:

Տնօ­րէ­նը լաւ կ՛աշ­խա­տի, վար­չու­թիւն մը ստեղծ­ուած է, որ նոյն­պէս  լաւ կ՛աշ­խա­տի: Նոր անուն­նե­րը  ի յայտ եկան այս եր­կու տար­ուան ըն­թաց­քին, ին­չը  կ՛ող­ջու­նենք:

Կ՛ու­զենք, որ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րէն զատ այս­տեղ նա­եւ քննար­կում­նե­րու կեդ­րոն ըլ­լայ, եւ այդ քննար­կում­նե­րը ըլ­լան ցու­ցա­հան­դէ­սէն դուրս: Եր­բեմն բա­ցու­մի օրը կու գան եւ ինձ­մէ կար­ծիք կը հարց­նեն նկա­րի մը մա­սին, բայց  ես բա­ցու­մին օրը չեմ կրնար կար­ծիք  յայտ­նել, ճիշդ չէ, այդ օրը ար­ուես­տա­գէ­տին օրն է, պէտք է առիթ տրուի, որ հե­տա­գայ օրե­րուն յայտն­ուին այդ կար­ծիք­նե­րը:

Հա­յաս­տան-սփիւռք կա­պե­րու առու­մով շատ կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ կա­տար­ուած գոր­ծը,  յու­սանք` այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը փո­խա­դարձ կ՛ըլ­լայ, ոչ միայն Հա­յաս­տա­նէն գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս­ներ կը կազ­մա­կերպ­ուին, այլ նա­եւ` այս­տե­ղէն հոն:

Ես շատ կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ այս ցու­ցաս­րա­հին ներ­կա­յու­թիւնը մա­նա­ւանդ Պուրճ Հա­մու­տի մէջ:  Ժա­մա­նա­կին եթէ  ըսէ­ին, թէ Պուրճ Հա­մու­տի մէջ ցու­ցա­հան­դէս պի­տի ըլ­լայ, մարդ չէր գար, հի­մա Պուրճ Հա­մու­տը ձե­ւով  մը կեդ­րոն դար­ձաւ այդ առու­մով եւ ատի­կա` ի շնոր­հիւ ցու­ցաս­րա­հին:   Մենք բո­լորս շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նին  եւ տնօ­րէ­նու­թեան, որ միշտ ծա­ռա­յեն ար­ուես­տին:

Սիլ­վա Աճեմ­եան, ար­ուես­տա­բան, Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան ցու­ցաս­րա­հի գե­ղար­ուես­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ.- «Մենք ու­րախ ենք, սա­կայն պէտք է ըսեմ, որ աշ­խա­տանք կայ տա­կա­ւին ընե­լիք, պէտք չէ բա­ւա­րա­րու­ինք եղա­ծով: Տա­կա­ւին նոր ճամ­բայ ելած ենք, յու­սամ` կը հաս­նինք աւե­լի լաւ ար­դիւնք­նե­րու»:

Մի­սաք Թերզ­եան, գե­ղան­կա­րիչ, ցու­ցաս­րա­հի գե­ղար­ուես­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ, Լի­բա­նան.- «Պէտք է ըսել, որ բաղ­դատ­մամբ այլ սրահ­նե­րու, որոնք տասն­եակ տա­րի­ներ հրա­պա­րա­կի վրայ են, մեր ցու­ցաս­րա­հը ար­դէն առա­ջին տարի­էն  յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ: Շատ մարդ այ­ցե­լեց այս եր­կու տար­ուան ըն­թաց­քին,  ին­չը կը նշա­նա­կէ, որ մար­դիկ հե­տաքրքր­ուած են եւ կը քա­ջա­լե­րեն:  Այ­ցե­լու­նե­րը ե՛ւ հայ էին, ե՛ւ տե­ղա­ցի, նա­եւ` օտար­ներ: Ես շատ սրահ­նե­րու հետ կը գոր­ծակ­ցիմ եւ ըսեմ, որ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բո­լորն ալ գան­գատ ու­նին` թէ՛ այ­ցե­լու­նե­րու թիւի եւ թէ՛ մար­դոց հե­տաքրք­րու­թեան առու­մով, բայց մեր ցու­ցաս­րա­հը այդ սիւ­նա­կին մէջ չէ:  Ատոր պատ­ճառ­նե­րէն մէկն ալ թե­րեւս այն է, որ լուրջ աշ­խա­տանք կը տա­նինք ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծեր ընտ­րե­լու, միշտ լա­ւա­գոյ­նը ցու­ցադ­րե­լու առու­մով, չենք ու­զեր, որ մեր մա­կար­դա­կը ցած­նայ: Ես ցու­ցաս­րա­հին վար­չու­թեան մէջ եմ, եւ ամէն ինչ կ՛ընենք` ար­դէն ստեղծ­ուած մա­կար­դա­կը պա­հե­լու հա­մար: Անձ­նա­պէս  արա­բա­կան սրահ­նե­րու հետ շատ աշ­խա­տած եմ  եւ եր­բեք տար­բե­րու­թիւն չզգա­ցի մեր եւ իրենց սրահ­նե­րուն  մի­ջեւ, մեր ցու­ցաս­րահն ալ իր բարձր մա­կար­դա­կին վրայ է:  Միշտ լա­ւա­տես  ենք, յու­սանք, որ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը պա­րա­պի չեն եր­թար, ժո­ղո­վուր­դը կը հա­ւա­տայ մեր գոր­ծին, միշտ կը քա­ջա­լե­րէ:  Արեւ­շա­տու­թիւն կը մաղ­թեմ նա­եւ տնօ­րէ­նու­թեան եւ Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նին»:

Արե­ւիկ Պետ­րոս­եան, գե­ղան­կար­չու­հի, Հա­յաս­տան.-  «Իմ խո­րին հա­մոզ­մամբ բարձր արո­ւես­տը չի ճա­նա­չում ազ­գու­թիւն, կրօն, լե­զու,  սեռ, ժա­մա­նակ… Աշ­խար­հի պատ­մու­թեան առա­ջին իսկ էջե­րից մինչ այ­սօր մեզ հի­աց­նում, զար­գաց­նում, դաստ­ի­ա­րա­կում եւ կեանք է տա­լիս` մեզ հա­սած ար­ուես­տի այս ան­սահ­ման ժա­ռան­գու­թիւնը»:

Բայց կար­ծես այս փխրուն գե­ղեց­կու­թիւն ար­ւես­տը միշտ կա­րիք է ու­նե­ցել ոչ միայն հան­դի­սա­տե­սի, ար­ուես­տա­սէ­րի, քննա­դա­տի, այլ` նուիր­եալ ան­հատ­նե­րի,  որոնք շռայ­լօ­րէն կա­րո­ղա­ցել են ներդ­րել իրենց կեան­քը, ժա­մա­նա­կը,  որ­պէս­զի պաշտ­պա­նեն,  հարս­տաց­նեն, ներ­կա­յաց­նեն ու փո­խան­ցեն սե­րունդ­նե­րին: Ար­ուես­տա­սէր բա­րե­րար Յո­վիկ Քիւրքճ­եա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» սրա­հի հրա­ւէ­րով  այս տա­րի ես հիւ­րըն­կալ­ուե­ցի  Պէյ­րութ, Լի­բա­նան եւ ներ­կա­յաց­րի «Գոյ­ներ Հա­յաս­տա­նից»  նկար­նե­րիս հա­ւա­քա­ծոն: Կար­ծում եմ` այն մեծ հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ: Ի հար­կէ, կ՛ու­զեմ առի­թից օգտ­ուել եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել տի­կին Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նին` այս գե­ղե­ցիկ ար­ուես­տի կեդ­րո­նը հիմ­նադ­րե­լու հա­մար, որն իր շուրջն է հա­ւա­քում գե­ղե­ցի­կի գա­ղա­փա­րով ապ­րող մարդ­կանց:

Եւ ինչ­պէս կա­րող եմ չնշել Հա­մազ­գա­յի­նի կեդ­րո­նի այն նուիր­եալ անձ­նա­կազ­մին, ազ­նիւ եւ իրենց գոր­ծին նուիր­ուած մարդ­կանց, ի դէմս Յա­կոբ Հա­ւա­թեա­նի, ով­քեր ուժ եւ եռանդ չեն խնա­յում իրենց աշ­խա­տան­քում: Իւ­րա­քան­չիւր նկա­րիչ կամ ստեղ­ծա­գոր­ծող էլ, իր կող­քը նման նուիր­ուած եւ պատ­րաս­տա­կամ մար­դիկ տես­նե­լով, ան­շուշտ ու­րախ եւ ինք­նավս­տահ պի­տի զգայ:

Ռազ­միկ Պեր­թիզ­եան, գե­ղան­կա­րիչ, Լի­բա­նան.– Մեր ապ­րած կեան­քի ձե­ւը  այն­պի­սին է, որ ստեղ­ծա­գոր­ծող մար­դիկ կտրուած են իրար­մէ, իրա­րու հան­դի­պե­լու քիչ տե­ղեր եւ առիթ­ներ կան: Այդ առու­մով ցու­ցաս­րա­հը լա­ւա­գոյն տե­ղե­րէն մէկն է` իրա­րու հան­դի­պե­լու, զրու­ցե­լու, նո­րու­թիւն­նե­րով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միտ­քե­րով  կիս­ուե­լու:  Ցու­ցաս­րա­հը նո­րու­թիւն եւ նրբա­գոյն շունչ բե­րած է մեր գա­ղու­թին, ուր կը տի­րէ ձանձ­րոյ­թը:   Մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու առու­մով նախ շատ կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ այս սրա­հին գո­յու­թիւնը:

Ու­րախ եմ, որ ես ալ  ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցայ այս­տեղ, սրա­հը ըն­ձեռ­նեց իւ­րո­վի ներ­կա­յա­նա­լու,  մար­դոց հետ իւ­րո­վի շփուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն, ին­չին իբ­րեւ  ար­դիւնք` զգա­ցի, որ գնա­հատ­ուած  եմ:  Եւ, տես­նե­լով արուես­տա­սէ­րի հե­տաքրք­րու­թիւնը պատ­մա­կան նիւ­թե­րու հան­դէպ, որոնք իմ գոր­ծե­րուս մէջ կան, ատի­կա ին­ծի ձե­ւով մը կը պար­տա­ւո­րեց­նէ, որ ես շա­րու­նա­կեմ այս նիւ­թը, ստեղ­ծա­գոր­ծեմ մեր պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն  դրուագ­նե­րուն շուրջ:

Ու­րա­խա­լի է տես­նել յատ­կա­պէս լի­բա­նան­եան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, որոնք բա­ցու­մի կամ հե­տա­գայ օրե­րուն ան­պայ­ման կ՛ադ­րա­դառ­նան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն:

Գրի­գոր Ակոբ­եան, գե­ղան­կա­րիչ, Քա­նա­տա.- «Ես ան­կեղ­ծօ­րէն զար­մա­ցած եմ, թէ  ինչ­պի­սի լաւ ցու­ցա­հան­դէս կրնայ կազ­մա­կեր­պել «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» սրա­հը` սկսած հրա­ւի­րա­տոմ­սե­րէն, ծա­նու­ցում­նե­րէն, պատ­կե­րա­գիր­քէն, հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րէն,  որոնք ոչ միայն հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կ՛ուղղ­ուէ­ին, այլ նա­եւ` օտար­նե­րուն:

Իմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս կը յայտ­նեմ տնօ­րէ­նու­թեան:

Իբ­րեւ ար­ուես­տի սրահ, ես կը կար­ծեմ, որ պա­տե­րը կրնա­յին աւե­լի պարզ ըլ­լալ, առանց ձե­ւա­ւոր­ման, եւ սրա­հը քիչ մըն ալ աւե­լի լու­սա­ւոր­ման կա­րիք ու­նի:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի իմ ցուց­հան­դէ­սիս, ապա անի­կա իմ սպա­սե­լիք­նե­րէն աւե­լի լաւ էր… Կրկին շնոր­հա­կա­լու­թիւն:

Զէյ­նա Պըտ­րան, գե­ղան­կար­չու­հի, Լի­բա­նան.- «Ու­րախ եմ, որ առի­թը ու­նիմ ար­տա­յայ­տե­լու իմ երախ­տա­գի­տու­թիւնս եւ յար­գանքս` հայ  ժո­ղովր­դին  եւ հայ գա­ղու­թին  եւ ի մաս­նա­ւո­րի նա­եւ` Հա­մազ­գա­յի­նին եւ Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նին: Յու­սամ` այս ցու­ցաս­րա­հը շատ բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ լի­բա­նան­եան մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ եւ օգ­նեց, որ ի յայտ գան տա­ղան­դա­ւոր­նե­րը եւ բա­ցա­յայտ­ուին նա­եւ լի­բա­նան­եան եւ հայ­կա­կան ար­-ւես­տի աւան­դոյթ­նե­րը: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ ծա­նօ­թաց­նել ար­ուես­տը` ըն­կե­րու­թեան, հա­մայն­քին, որ իմ կար­ծի­քովս շատ  սուրբ առա­քե­լու­թիւն մըն է: Կը կար­ծեմ, որ ցու­ցա­սրա­հը կրցաւ իրա­գոր­ծել այս մէ­կը եւ հաս­նիլ իր նպա­տակ­նե­րուն:  Ին­ծի հա­մար պա­տիւ էր ցու­ցադր­ուիլ այս սրա­հին մէջ:  Կը մաղ­թեմ յա­ռա­ջըն­թաց` եկող­նե­րուն»:

Մի­րէյ Կո­կիկ­եան, գե­ղան­կար­չու­հի, Լի­բա­նան.-  «Ցու­ցաս­րահ ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը շատ լաւ է, բա­ցու­մի օրե­րը առիթ­ներ են, որ մենք  յա­րա­բե­րինք հայ­կա­կան գա­ղու­թին հետ: Կը կար­ծեմ` պէտք էր աւե­լի առաջ բաց­ուած ըլ­լար ցու­ցաս­րա­հը, թե­րեւս այն ատեն, երբ բաց­ուե­ցաւ «Թո­րոս Ռոս­լին»  դպրո­ցը, ձե­ւով մը շա­րու­նա­կու­թիւն կ՛ըլ­լար` կը ցու­ցադր­ուէ­ին երի­տա­սարդ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու գոր­ծե­րը եւ կը քա­ջա­լե­րէ­ին զա­նոնք»:

Ցու­ցաս­րա­հին մէջ պէտք է ոչ միայն հայ գծագ­րիչ­ներ ներ­կա­յաց­ուին, այլ նա­եւ` լի­բա­նան­ցի եւ օտար, եւ պէտք է ցու­ցաս­րա­հը նպաս­տէ իրա­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: Կ՛ու­զեմ, որ ցու­ցա­սրա­հը նպաս­տէ, որ մենք մեր ար­ուես­տը տա­նինք Հա­յաս­տան եւ ծա­նօ­թաց­նենք այն­տե­ղի ար­ուես­տա­սէ­րին: Ինչ­պէս նա­եւ մեր ցու­ցաս­րա­հը պէտք է նա­եւ նա­խա­ձեռ­նէ եւ այ­ցե­լէ լի­բա­նան­եան այլ ցու­ցաս­րահ­ներ, գնէ ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծեր եւ ու­նե­նայ իր մշտա­կան հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ:  Կը նա­խընտ­րեմ,  որ ցու­ցաս­րա­հին մէջ  ոչ միայն ցու­ցա­հան­դէս­ներ ըլ­լան, այլ նա­եւ` գիր­քե­րու, պատ­կե­րա­գիր­քե­րու  վա­ճառք, այն­պէս` ինչ­պէս կ՛ըլ­լան այլ ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ: Կ՛առա­ջար­կեմ, որ մին­չեւ հի­մա ցու­ցադր­ուած ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն գոր­ծե­րը հրա­տա­րակ­ուէ­ին առան­ձին գիր­քով, որ­պէս­զի նա­եւ այս ձե­ւով պատ­կե­րա­ցում ըլ­լայ մինչ հի­մա բաց­ուած ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նա­եւ ատի­կա քա­ջա­լե­րանք ըլ­լայ նկա­րիչ­նե­րուն:

Մե­զի` ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցող­նե­րուս հա­մար շատ կա­րե­ւոր են պատ­կե­րա­գիր­քե­րը,  որոնք ար­ուես­տի շա­հը կը պաշտ­պա­նեն: Եւ ան­շուշտ կ՛ու­զեմ այս առի­թով իմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս յայտ­նել, թէ՛ տնօ­րէ­նու­թեան եւ­ վար­չու­թեան, որ ամէն կերպ կը  ջա­նայ գոհ ձգել բո­լո­րը` թէ՛ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն, թէ՛ այ­ցե­լու­նե­րուն եւ ի հար­կէ` շնոր­հա­կա­լու­թիւն նա­եւ  Կար­պիս եւ Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան­նե­րուն` քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար արո­ւեստն ու մշա­կոյ­թը:

Լաւ­րեն­տի Աղաս­եան, գե­ղան­կա­րիչ, Հա­յաս­տան-Լի­բա­նան.- Տա­րի­ներ առաջ, երբ ես շփւում էի Լի­բա­նա­նի ար­ուես­տա­գէտ­նե­րի հետ,  հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րում ար­ուես­տի ցու­ցաս­րահ ու­նե­նա­լու մեծ ցան­կու­թիւն կար: Ան­շուշտ ցու­ցա­սրահ­ներ եղել են, բայց դրանք մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու առա­քե­լու­թիւն չու­­նէին, այլ` զուտ առեւտ­րա­կան նպա­տակ էին հե­տապն­դում: Եւ ահա, վեր­ջա­պէս, ստեղծ­ուեց հրա­շա­լի սրա­հով ցու­ցաս­րահ` ի պա­տիւ Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նի: Հրա­շա­լի որո­շում կա­յաց­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թիւնը:

Այժմ հայ հա­մայն­քը ու­նի եւս մէկ մշա­կու­թա­յին օճախ, որ­տեղ կազ­մա­կերպ­ւում են բազ­մա­բո­վան­դակ ցու­ցա­հան­դէս­ներ: Կեց­ցէ՛ք:

Ես ինքս 2010 թուա­կա­նին ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցայ այդ ցու­ցաս­րա­հում: Ես ինձ զգում էի հա­րա­զատ մթնո­լոր­տում եւ հա­ճե­լի էին շփում­նե­րը ցու­ցաս­րա­հի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի հետ:  Այս ցու­ցաս­րա­հի հաս­ցէ­ին հնչում են նա­եւ ոչ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րի ար­ուես­տա­գէտ­նե­րի գո­վես­տի խօս­քե­րը` մշտա­պէս շեշ­տե­լով ցու­ցաս­րա­հի դե­րը, ոչ միայն հայ հա­մայն­քի, այլ ամ­բողջ երկ­րի մշա­կու­թա­յին կեան­քում:

Յա­րու­թիւն Թո­րոս­եան, գե­ղան­կա­րիչ, Լի­բա­նան-Ֆրան­սա.- Հրա­շա­լի սրահ մըն է, կը շնոր­հա­ւո­րեմ, մին­չեւ հի­մա ար­ժէ­քա­ւոր ցու­ցա­հան­դէս­ներ եղած են, յու­սամ աս­կէ ետք ալ ար­ժէ­քա­ւոր կ՛ըլ­լան, նոր գոր­ծեր,  նոր ծրագ­րեր կը ներ­կա­յաց­նեն իսկ մե­զի` ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուս հա­մար հա­րա­զատ տեղ մը եղաւ, որ հա­ւաք­ուինք, ծա­նօ­թա­նանք միւս­նե­րու գոր­ծե­րուն, քննար­կենք, լաւն ու վա­տը մատ­նան­շենք, ինչ որ շատ կա­րե­ւոր է մի­ջա­վայր ու­նե­նա­լու առու­մով: Այս սրա­հը մի­ջա­վայր ստեղ­ծեց եր­կու տար­ուան մէջ:

Զա­ւէն Խտըշ­եան, քան­դա­կա­գործ, Լի­բա­նան.- Հի­մա ինչ որ պի­տի ըսեմ, ըն­թեր­ցո­ղին քիչ մը չա­փա­զան­ցու­թիւն պի­տի թուի, սա­կայն եթէ խօս­քը ար­ուես­տի մա­սին է, չա­փա­զանց­ուած չէ, ես վստահ եմ, որ նկա­րի­չին ու անոր գոր­ծե­րուն վե­րա­բե­րող ոչինչ չա­փա­զանց­ուած պէտք չէ  ըլ­լայ, քա­նի որ աւե­լորդ քա­ջա­լե­րան­քը կը խոր­տա­կէ զայն:

Բայց իմ ըսածս կը վե­րա­բե­րի Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան ցու­ցաս­րա­հին եւ աւե­լոր­դու­թիւն չէ:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հա­մազ­գա­յի­նին,  որ նման քայլ մը առած է,  ասի­կա բա­րե­րա­րու­թիւն չէ, ոչ ալ նուի­րա­տուու­թիւն է, ասի­կա իր տե­սա­կին մէջ շատ իւ­րա­յա­տուկ քայլ մըն է:  Եր­կու տար­ուան ըն­թաց­քին բա­ւա­կա­նին մեծ շար­ժում ստեղ­ծեց ցու­ցաս­րա­հը, գե­ղար­ուես­տա­կան մի­ջա­վայր ձե­ւա­ւո­րեց, կար­ծես հա­ւաք­ուե­լու տեղ չկար, եւ ասի­կա դար­ձաւ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու հա­ւա­քա­տե­ղին: Ու­րիշ ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ նկար­ներ կը դի­տենք եւ կ՛եր­թանք, այս­տեղ այդ­պէս չէ, բա­ցու­մէն ետք ոչ ոք կը շտա­պէ տուն եր­թալ,  մէկ-եր­կու ժամ տա­կա­ւին կը մնայ, կը խօ­սի, կը քննար­կէ:  Ցու­ցա­սրա­հի ներ­քին յար­դա­րու­մը, ձե­ւա­ւո­րու­մը, պա­տե­րը շատ կա­տար­եալ են,  դուր­սի ու ներ­սի  փեղ­կե­րը իւ­րա­յատ­կու­թիւն կը հա­ղոր­դեն… Այս ցու­ցաս­րա­հը  միշտ կը հա­մե­մա­տեմ Փա­րի­զի ցու­ցաս­րահ­նե­րուն հետ:  Ես շրջած եմ Փա­րի­զի բո­լոր ցու­ցաս­րահ­նե­րը  եւ, հա­ւա­տա­ցէ՛ք, մեր այս ցու­ցաս­րա­հին պէս մէկ կամ եր­կու ցու­ցա­սրահ տե­սած եմ միայն:  Մեր ժո­ղո­վուրդն ու Հա­մազ­գա­յի­նը պէտք է ինք­զինք շատ հպարտ զգան, որ նման ցու­ցաս­րահ ու­նինք, որ ու­րիշ­ներ չու­նին: Շա­տեր կ՛ըսեն` երա­նի տա­սը տա­րի առաջ ըլ­լար, բայց ես այդ կար­ծի­քին չեմ, կը կար­ծեմ`  ճիշդ ժա­մա­նակն է,  հի­մա է, որ գա­ղու­թը պէտք ու­նի, հի­մա է, որ ար­ուես­տի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը պակ­սած է, եւ ցու­ցաս­րա­հը եկած է ձե­ւով մը լրաց­նե­լու ատի­կա:  Հի­մա մշա­կու­թա­յին կեան­քը աւե­լի տկար է, քան այն ժա­մա­նակ, երբ որ ցու­ցաս­րահ բաց­ուե­լու մա­սին կը խօսուէր:

Կը շնոր­հա­ւո­րեմ բո­լո­րը, ինչ թա­փով որ սկսան, նոյն թա­փով ալ պէտք է շա­րու­նա­կել:

Հրայր, գե­ղան­կա­րիչ, Լի­բա­նան.- Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եա­նը եղած է իմ գոր­ծե­րուս  առա­ջին քա­ջա­լե­րող­նե­րէն մէ­կը եւ նա­եւ շատ շա­տե­րը քա­ջա­լե­րած է, ինք ամէն հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը կը քա­ջա­լե­րէ եւ ու­րախ ենք, որ այս ցու­ցաս­րա­հի հիմ­նադր­ման  քա­ջա­լե­րողն ու բա­րե­րարն ալ ինք եղած է: Ես նոր ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցայ եւ հի­ա­ցած եմ ցու­ցա­սրա­հի ճիշդ  կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ:  Զգա­ցի հոս ինչ­պէս իմ ըն­տա­նի­քիս մէջ: Շատ գե­ղե­ցիկ ցու­ցաս­րահ մըն է, նման է ամե­րիկ­եան եւ եւ­րո­պա­կան սրահ­նե­րուն,  միայն լաւ կ՛ըլ­լար, որ պա­տե­րը մէկ կտոր ըլ­լա­յին, երեւ­ցող սիւ­նե­րը չըլ­լա­յին: Մնա­ցած ամէն ին­չը շատ լաւ է: Կը շնոր­հա­ւո­րեմ երկ­րորդ տա­րե­դար­ձը եւ եր­կար տա­րի­ներ կը մաղ­թեմ «Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան» սրա­հին:

 

 

ԵՐ­ԿՈՒ ՏԱՐ­ՈՒԱՆ ԸՆ­ԹԱՑ­ՔԻՆ
ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐՊ­ՈՒԱԾ ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ­ՆԵՐ

1.- Կիւվ­տէր, 12 նո­յեմ­բե­րէն 3 դեկ­տեմ­բեր 2009
2.- Ժիլ­պեր Հաժ, 7 դեկ­տեմ­բե­րէն 14 դեկ­տեմ­բեր 2009
3.- Մի­սաք Թերզ­եան, Զէյ­նա Պատ­րան, Էտ­կար Մա­զի­ճի, Ժաք­լին Օհան­եան հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս, 17 դեկ­տեմ­բեր 2009-էն 18 յուն­ուար 2010
4.- Ար­փի Վար­դան­եան, Սե­դա Պե­քար­եան, Անի Քիւրքճ­եան, Հրայր Այն­թեպլ­եան հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս, 21 յուն­ուա­րէն 20 փետր­ուար 2010
5.- Գրի­գոր Նո­րիկ­եան, 25 փետր­ուա­րէն 15 մարտ 2010
6.- Ժա­նեթ Եա­փուճ­եան, Ռի­թա Ետալ­եան, Կա­րի­նէ Եփ­րեմ­եան, Տար­իա Խտըշ­եան, 18 մար­տէն 5 ապ­րիլ 2010 (Թո­րոս Ռոս­լին ակա­դեմ­իա­յի ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս)
7.- Զա­ւէն եւ Տար­իա Խտըշ­եան, 8 ապ­րի­լէն 19 ապ­րիլ 2010
8.- Հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս` մաս­նակ­ցու­թեամբ հայ եւ արաբ 28 ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու, 22 ապ­րի­լէն 10 մա­յիս 2010` նուիր­ուած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան
9.- Յա­րու­թիւն Թո­րոս­եան, 13 մա­յի­սէն 5 յու­նիս 2010
10.- Ռազ­միկ Պեր­թիզ­եան, 10 յու­նի­սէն 30 յու­նիս 2010
11.- Ռատ­մի­լա Իվոս Պէ­օ­յիւք­եան, 14 հոկ­տեմ­բե­րէն 24 հոկ­տեմ­բեր 2010
12.- Լավ­րեն­տի Աղաս­եան, 11 նո­յեմ­բե­րէն 6 դեկ­տեմ­բեր 2010
13.- Շո­ղիկ եւ Գէ­որգ Ու­լաշ­եան­ներ, 13 յուն­ուա­րէն 23 յուն­ուար 2011
14.- Սիր­վարդ Ֆազլ­եան, 2 փետր­ուա­րէն 14 փետր­ուար 2011
15.- Մի­սաք Թերզ­եան, 17 մար­տէն 31 մարտ 2011
16.- Գրի­գոր Ակոբ­եան, 14 ապ­րի­լէն 28 ապ­րիլ 2011
17.- Լիւ­սի Թիւ­թիւնճ­եան, 5 մա­յի­սէն 17 մա­յիս 2011
18.- Մի­րէյ Կո­կիկ­եան, 19 մա­յի­սէն 30 մա­յիս 2011
19.- Արեւ Պետ­րոս­եան, 9 յու­նի­սէն 25 յու­նիս 2011
20.- Ան­նա Շահ­նա­զար­եան, 3 սեպ­տեմ­բե­րէն 16 սեպ­տեմ­բեր 2011
21.- Հրայր, 20 հոկ­տեմ­բե­րէն 7 նո­յեմ­բեր 2011
22.- Կա­կօ, 17 նո­յեմ­բե­րէն 5 դեկ­տեմ­բեր 2011

 

Պատրաստեց` ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ­

Նախորդը

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ . 80 ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔ, 80 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐՈՒՍՏ ԲԵՐՔ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.