Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 66 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 21 վարժարաններ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէ:
Տղոց խմբային տիտղոսին տիրացաւ Անթունիէ Պաապտա մինչ աղջկանց տիտղոսին` Աքիլա Մուքատտասա-Ֆանար:
Աւարտին կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցումներուն հսկեցին Սամիր Շաղուրի, Ժորժ Հապայեպ եւ Ժոզեֆ Շալհուպ:


