Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ Կրօնական Երանգ Հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին»

February 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ այդպիսով ալ աւելի  կը բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` խօսելով Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ, Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կոչին մասին, թէ  իսլամները պէտք է միաւորուին արցախեան տագնապի լուծման համար:

Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ, որ Ազրպէյճանը իսլամական երկիրները կը փորձէ ներգրաւել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ` անոր կրօնական երանգ հաղորդելու համար, իսկ ատիկա վտանգաւոր է:

«Կրօնական երանգ հաղորդելը չ՛արտացոլեր տագնապին էութիւնը: Անիկա երբեք չէ եղած կրօնական տագնապ: Ասիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ երկիրներու մէջ ծայրայեղականութիւններ կը ծնին: Կան բազմաթիւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, կազմաւորումներ, որոնք նոյնիսկ իրենց անուան մէջ կը կիրարկեն կրօնական բովանդակութիւնը, բայց բնական է, որ անոնք կապ չունին կրօնին հետ, իսլամի հետ», ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:

Բաբայեանի համաձայն, Փաշազատէի միջոցով  Ազրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել տագնապին եւ այդպիսով ալ աւելի կը  բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ, որ ահաբեկչութեան դրսեւորում է:

Ան նշեց, որ ամէն պարագայի իսլամական երկիրները, բացառութեամբ մէկ-երկու երկրի, դժուար թէ արձագանգեն անոր կոչին: «Թուրքիան, որ  այս տագնապի հիմնական գործօններէն մէկն է, ան ստեղծեց այս արհեստածին Ազրպէյճան երկիրը, կ՛աջակցի այս յայտարարութեան: Թուրքիան կը գօտեպնդէ Ազրպէյճանը` յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն վարելու մէջ: Կ՛արձագանգէ նաեւ Փաքիստանը: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ որեւէ երկիր արձագանգէ այս կոչին», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ իսլամական քանի մը պետութիւններու հետ Հայաստանը սերտ կապեր ունի, խօսքը Իրանի, արաբական աշխարհի, Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու մասին է, եւ Հայաստանը պէտք է շարունակէ ամրապնդել կապերը:

«Սփիւռքի ներուժն ալ պէտք է օգտագործուի այս հարցին մէջ: Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ սփիւռքը մեծ յարգանք կը վայելէ: Մենք պէտք է զարգացնենք երկկողմանի յարաբերութիւնները, չէզոքացնենք ազրպէյճանական ներթափանցման քաղաքականութիւնը դիւանագիտական ու զինուորական դաշտերուն մէջ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պիտի Աջակցի Արցախի Միջազգային Ճանաչման

Յաջորդը

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ. Քննարկուած Է Զինուած Ուժերու Արդիականացման 7-ամեայ Ծրագիրի Նախագիծը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.