ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յարմար ժամանակ է աշխատանքային եւ ընտանեկան խաղաղ հանդիպումներու: Զգացական եւ անձնական գետնի վրայ բախտաւոր պիտի ըլլաք այս օրերուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Տնային աշխատանքներով պիտի տարուիք: Ձեր հաւասարակշռութիւնը եւ սիրելիներու սէրը մի՛ կորսնցնէք: Ընտանիքի մէկ անդամի առողջական վիճակով պիտի տագնապիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դժուար խնդիրներ պիտի քննարկէք այսօր եւ նոր գաղափարներ պիտի առաջարկէք: Նոր առիթ մը պիտի ստանաք` ձեր տեսակէտը բացայայտելու կամ զգացումները յայտնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նիւթական խնդիրներ պիտի քննարկէք: Զիջումներ կատարեցէք, եթէ պէտք ըլլայ: Մեծ ուրախութիւն մը պիտի ապրիք եւ շնորհաւորանքներ եւ գնահատանքներ պիտի ստանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի մերժէք վերադառնալ անօգուտ հինին եւ պիտի սկսիք նորոգուելու աշխատանքին: Նոր ծրագիր մը ունիք եւ պատրաստ կ’երեւիք զայն գործադրելու: Զգալի է փոփոխութիւնը ձեր առօրեայ կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ստուգեցէք ձեր պատուիրած ճամբորդութեան տոմսակը: Նոր ծրագրի գործադրութեան մի՛ սկսիք, որվհետեւ պիտի չունենաք բաւարար ուժ զայն հետապնդելու: Անբախտ շրջան մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անմիջապէս սրբագրեցէք ձեր սխալները: Ապերախտ մի՛ գտնուիք անոնց հանդէպ, որոնք օր մը օգտակար եղած են ձեզի: Մինակ մի՛ մնաք, համակերպեցէք ձեր միջավայրին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ճնշող պայմաններու մէջ պիտի ունենաք նոր գործի առաջարկ: Ուշադիր եղէք ամէն ինչին: Թոյլ մի՛ տաք, որ անտեղի կատակներու պատճառով սխալներ արձանագրուին ձեր հաշուոյն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յաջողութեամբ պիտի տնօրինէք ձեր գործը: Ձեր կողակիցի ընտանիքին հետ պիտի ուրախանաք: Ձեր տրամադրութիւնները հետզհետէ պիտի բարելաւուին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ընտելացէք ձեր միջավայրին եւ հեռու պահեցէք վիճաբանութիւնները ձեզմէ: Հրաժարեցէք այն որոշումէն, որուն համաձայն չէ մեծամասնութիւնը: Դրամատնային կամ ժառանգութեան հետ կապուած հարց մը պիտի քննարկէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մթնոլորտը բաւական ճնշող պիտի ըլլայ ձեզի համար: Հանդարտեցէք, մի՛ նեղանաք եւ մի՛ քննադատէք ոեւէ մէկը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն: Ձեռնածալ մի՛ մնաք: ընկերոջ կամ բարեկամի մը խորհուրդը հարցուցէք: Դրական շրջան մըն է ձեզի համար:
