Գերմանական «Քիքըր» մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Արսենալ եւ Պորուսիա Տորթմունտ ակումբները իրարու հետ փոխադարձ համաձայնութեան եկած են կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի փոխանցման հարցով:
Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, Արսենալ գերմանական ակումբին պիտի վճարէ 63 միլիոն եւրօ, իսկ Արսենալի կողմէ ան տարեկան պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Սկզբունքով Տորթմունտի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Կը կարծուի, որ եթէ ան միանայ Արսենալին, խումբին յարձակողականը պիտի ըլլայ շատ վտանգաւոր` նկատի ունենալով, որ ան դարձեալ իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:



