Կիպրոսի մէջ նախագահական ընտրութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ փուլ մը: Գործող նախագահ, պահպանողական Նիքոս Անասթասիատես կիրակի օրուան մասնակցութեան ցած համեմատութեամբ ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց, սակայն չկրցաւ առաջին փուլէն իսկ յաղթանակ արձանագրելու համար բաւարար քուէներ ապահովել:
Անասթասիատես ապահովեց քուէներուն 35,5 առ հարիւրը, անոր անմիջական մրցակիցը ձախակողմեան ԱՔԵԼ կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող անկախ թեկնածու Սթաւրոս Մալաս ապահովեց քուէներուն 30,2 առ հարիւրը:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Նիքոս Փափատոփուլոս, որ ապահովեց քուէներուն 25,7 առ հարիւրը:
Հարցախոյզները նախատեսած էին Մալասի եւ Փափատոփուլոսի միջեւ սուր մրցակցութիւն մը:
Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 փետրուարին:
71-ամեայ Անասթասիատես եւ 50-ամեայ Մալաս 2013-ին եւս իրարու դէմ մրցած էին:



