Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Տիք Մըհտիի դէմ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Շանվիլը եւ ՀՄԸՄ-ը, աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 103-100 արդիւնքով (11-26, 30-18, 29-23, 22-25 եւ 11-8): Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 92-92 հաւասարութեամբ:
Պէտք է նշել, որ այս մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին միշտ ալ երկու կազմերը քանի մը առիթներով զիրար գերազանցեցին:

PROFOTO
Այստեղ տեղին է նշել, որ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ նոյնիսկ ունեցաւ 15 կէտի առաւելութիւն մը (26-11), առաջին քորթըրին:
Սակայն պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ունեցան բացառիկ ելոյթ եւ երբեք յոգնածութեան նշաններ ցոյց չտուին, մանաւանդ որ անոնք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն վերադարձած էին օր մը առաջ միայն, ուր բացի շաբաթ օրուընէ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին այդտեղ կատարած էին երեք մրցում, մինչ Շանվիլ իր վերջին մրցումը կատարած էր 19 յունուարին (Պէյրութի դէմ):
Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Մաքրամ Պըն Ռամատան (20 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Սեմ Եանկ (30 կէտ, 12 ռիպաունտ): Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 25 կէտ եւ կատարեց 9 էսիսթ, մինչ Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 11 կէտ:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ երկրորդը այս տարեշրջանին (14 յաղթանակներու կողքին), մինչ Շանվիլ, որ կրած է 4 պարտութիւն, արձանագրեց իր 13-րդ յաղթանակը:
Երէկ տեղի ունեցած Ռիատի-Մութթահետ մրցումը եւս աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք, երբ դաշտին տէրը, 91-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (10-22, 24-21, 17-19, 26-15 (77-77) եւ 14-8):
Վերջապէս, երէկուան երրորդ մրցումին, Անթունիէ իր դաշտին վրայ 87-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն:
Այսօր որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:


