
Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Շարժա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մեկնեցաւ լիբանանեան ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արաբական 2-րդ Օլիմփիատին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 14 փետրուար:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մէջ կան երկու լիբանանցիներ` Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ: Խումբին մէջ են նաեւ Քերիմ Համտուն, Մահմուտ Պատիհ, Մոհամետ Ժաուիշ, Ժաուատ Ֆարհաթ, Ռալֆ Խէյրալլա եւ Ամրօ Ժաուիշ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ մարզիչն է Շարլ Քէյլի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ իրաւարար եւ մարզիչ Ժամալ Շամիէ:



