Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 27 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շապապ Սահելը:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել` բարելաւելու համար իր դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Նշենք, որ կրտսերներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 28 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Շարքի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ կը մրցի Աթլեթիքոյի դէմ:


