Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շատ Ժամանակ Չէ Մնացած. Նախագահին Զեկուցած Են Սպասուող 3 Մեծ Նախաձեռնութիւններու Կազմակերպման Մասին

January 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ 26 յունուարին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պատասխանատուները զեկուցած են 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն պետական երեք մեծ նախաձեռնութիւններու` Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն եւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Զեկուցումները ներառած են նաեւ նախորդ 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:

Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան նշած է, որ կ’ակնկալուի առարկայական զեկուցում` ինչպէս կազմակերպական, այնպէս ալ բովանդակային եւ տնտեսական հարցերուն գծով, քանի որ, ըստ անոր, տուեալ նախաձեռնութիւններուն շատ ժամանակ չէ մնացած արդէն, եւ անհրաժեշտ է ամենայն պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ ու բծախնդրութեամբ պահպանել աշխատանքներուն ժամանակացոյցը: Անկախութենէն ի վեր նման տարողութեամբ պետական նախաձեռնութիւններու պատշաճ կազմակերպումը, նախագահին համաձայն, Հայաստանի համար պիտի դառնայ իւրօրինակ հասունութեան քննութիւն:

11-12 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք  Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն, այդ ծիրին մէջ ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն մասին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար, հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Նալբանդեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն նախապատրաստութեան գծով ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ տօնին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրի նախագիծով առաջարկուող նախաձեռնութիւններուն մասին զեկուցած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած պետական յանձնախումբի քարտուղար Վահէ Ստեփանեանը:

Երեւանի քաղաքապետ, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած յոբելենական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան ներկայացուցած է 29-30 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի համաքաղաքային տօնակատարութիւններու ձեռնարկներու ծրագիրն ու ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները:

Խորհրդակցութեան մասնակցող շահագրգիռ նախարարութիւններու ներկայացուցիչները, իւրաքանչիւրը իր բաժինով զեկուցած է հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած նախորդ խորհրդակցութեան ընթացքին տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին եւ կատարուելիքներուն մասին:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Տենի Ալվես 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.