Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփ Էրտողանի Հետ Շատ Խիստ Խօսած Է» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

January 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Աֆրինի կացութեան շուրջ ունեցած զրոյցին ոճը խիստ էր»:

«Լուրջ զրոյց էր, չըսելու համար սուր», նշեց Նոուըրթ` նշելով. «Եթէ Թուրքիան Աֆրինի իրադարձութիւններուն վրայ կեդրոնանայ, ատիկա մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ ուշադրութիւնը կը շեղէ ՏԱՀԵՇ-էն»:

«Անգարայի վարմունքը կը վնասէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հասարակաց շահերու իրագործման համար թափած ջանքերուն», ըսաւ ան:

«Քաղաքային զոհերու եւ մինչեւ վերջերս կայուն եղած տարածքներէ բնակիչներու տեղահանման մասին լուրեր ստացած ենք», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն Անգարային կոչ կ՛ուղղէ` մագլցումը դադրեցնելու»:

Նշենք, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք թրքական մամուլը հրապարակած էր այդ առնչութեամբ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, որոնք իմաստային առումով տարբեր էին Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդակցութենէն: Մասնաւորաբար` թրքական կողմը չէր անդրադարձած Թրամփի արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ բախումներէն խուսափելու կոչերուն մասին տեղեկութեան:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ հաւանաբար պատրաստուած են հեռաձայնային հաղորդակցութենէն առաջ:

Նոուըրթ անդրադառնալով թրքական պնդումներուն ըսաւ. «Ընդհանրապէս չզարմացայ: Մենք թէ՛ մեր կատարած կոչերը, թէ՛ հրապարակած յայտարարութիւնը կը հաստատենք, նախագահը խօսած է շատ բացայայտ եւ բաւական խիստ»:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթընի Խումբ»-ի Փաստաթուղթը Կ՛առաջարկէ Մասնատել Սուրիան Եւ Զայն Դնել ՄԱԿ-ի Հոգատարութեան Տակ

Յաջորդը

Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.