Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նման, Լիբանանի իրաւարարներու յանձնախումբը եւս կը գումարէ շաբաթական իր նիստերը` քննարկելու համար կարգ մը կասկածելի թուացող հարցեր:
Յանձնախումբի այս շաբթուան նիստին, Ա. դասակարգի Նըժմէ – Թրիփոլի 14-րդ հանգրուանին մրցումին գծով յայտարարուեցաւ, որ Նըժմէ յետսապահին ձեռքին դպած գնդակը, անոր կազմին մեծ քառակուսիին մէջ, փենալթի չէ, որովհետեւ գնդակը գետնէն վեր բարձրանալով դպաւ անոր ձեռքին, ինչ որ դիտումնաւոր չէր: Իսկ Նըժմէի ի նպաստ սուլուած փենալթին ճշգրիտ էր:
Ինչ կը վերաբերի Ախա Ահլի Ալէյ – Շապապ Արապի մրցումին ընթացքին իրաւարար Մոհամետ Տարուիշի տուած դեղին քարտին, անիկա արդարացի էր:
Իսկ Ահմետ Հիժազիի կողմէ Ախա Ահլի Ալէյի նշանակած մէկ կոլը, որ չեղեալ նկատուեցաւ ճիշդ որոշում մըն էր, որովհետեւ ան օֆ-սայտի դիրքին մէջ էր:
Յայտարարուեցաւ, որ Իսա Եաագուպուի (Ահտ) դէմքին հարուածած Տենիս (Նեպի Շիթ), դեղին քարտի փոխարէն պէտք էր կարմիր քարտ մը ստանար: Իսկ Ահտի նշանակած երկրորդ կոլը ճիշդ չէր, որովհետեւ իրաւարարը չտեսաւ կոլ նշանակած մարզիկին ֆաուլը Նեպի Շիթի յետսապահին վրայ:
Մնալով նոյն մրցումին մէջ, իրաւարարը պէտք էր փենալթի մը տար Ահտին, երբ գնդակը դպաւ Իսմայիլ Ֆատելի (Նեպի Շիթ):
Իսկ Սաֆա – Ռասինկ մրցումին իրաւարարը սխալ որոշում մը տուաւ, երբ ի նպաստ Ռասինկին փենալթի մը սուլեց:
Անսար – Թատամոն Սուր մրցումին յիշատակելի ոչինչ պատահեցաւ:
Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ կատարուած մրցումին, թէեւ Սալամ Զղարթա փենալթի մը պահանջեց, սակայն այդպիսի բան մը չպատահեցաւ, եւ իրաւարարը ճիշդ էր:


