Հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, երեքշաբթի, 30 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ազդանշանը կը տրուի Դրամատուներու 5-րդ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ բացման մրցումը` Պէյրութի եւ Միջերկրական ծովու դրամատուներուն միջեւ:
2018-ի այս ախոյեանութեան մասնակցող ութ խումբերն են` Լուպնան Ուալ Մահժար, Պէյրութի դրամատուն, Ֆրանսապանք, Քրետի Լիպանէ, Սոսիեթէ Ժեներալ, Պահըր Մութաուասսեթ, Պանք Լիպանօ-Ֆրանսեզ եւ Աուտէ:
Բացման հանդիսութեան պիտի նախագահէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:


