Երէկ գիշեր ամբողջացան Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ տեղի ունեցաւ դարձի վերջին ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Էսփանիոլի միջեւ:

Պարսելոնա, որ երթին իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով պարտուած էր, երէկ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նախանցեալ օր մրցաշարքէն դուրս մնացին Ռէալ Մատրիտ, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Ալաւես:
«Քամփ Նու»-ի դաշտին վրայ կատարուած երէկուան մրցումին Ա. կիսախաղին Պարսելոնա նշանակեց 2 կոլ` շնորհիւ Լուիս Սուարեզի (9-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (25-րդ):
Այս մրցումը եղաւ վերջինը Պարսելոնայի յետսապահ Մասքերանոյի համար, որ կը հեռանայ խումբէն:


