
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 յունուարին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: