Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «ՏՀԱ» լրատու գործակալութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն հիմնական նիւթը եղած է թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ Աֆրին շրջանին դէմ զինուորական գործողութիւնը:
Էրտողան Մաքրոնի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, թէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները չեն հակասեր ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն եւ ամբողջովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող որոշումներուն:
Մաքրոն իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է Աֆրինի մէջ խաղաղ բնակչութեան վիճակին առնչութեամբ, որուն ի պատասխան Էրտողան պնդած է, որ իրենք կը ձեռնարկեն հաւանական բոլոր քայլերը խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ զոհերէն խուսափելու համար:
Երկու նախագահները համաձայնած են պարբերաբար կապի մէջ մնալ եւ տեղեկութիւններ փոխանակել Աֆրինի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:
Թուրքիոյ նախագահը իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խօսած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կարեւորութեան մասին, երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են սուրիական տագնապի հարցով Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու նախապատրաստական հոլովոյթը:
Էրտողան նաեւ յայտնած է, թէ իր երկրին գործողութիւնները ոչ թէ սպառնալիք են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, այլ ընդհակառակն` օգուտ են, որովհետեւ իրենք կը պայքարին «պառակտիչ գործողութիւններ կատարող քրտական ջոկատներու դէմ»:
Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց, որ երկու կողմերը ընդգծած են Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, անոր անվտանգութիւնը եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը պահպանելու սկզբունքին հիմամբ լուծման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքի շարունակման կարեւորութիւնը:
Ըստ Քրեմլինի, քննարկուած է Սոչիի մէջ Սուրիական ազգային երկխօսութեան յառաջիկայ խորհրդաժողովի «վերջնական պատրաստութեան» հարցը: Երկու կողմերը յոյս յայտնած են, որ խորհրդաժողովը իրապէս ազգային երկխօսութեան առիթ մը ըլլայ եւ ծառայէ ՄԱԿ-ի թիւ 2254 բանաձեւին եւ Ասթանայի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն հիմամբ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկարատեւ լուծումի որոնման:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նաեւ առիթ մը եղած է գոհունակութիւն արտայայտելու տարբեր մարզերու մէջ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին նկատմամբ:
Միւս կողմէ, «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն հերքած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունի Աֆրինի եւ Իտլիպի «փոխանակման» մասին համաձայնութիւն:
«Ռուսիոյ հետ գաղտնի «առեւտուր» չկայ, այսինքն` Իտլիպը տանք, Աֆրինը վերցնենք, այդպիսի բան չկայ», ըսած է Քալըն պատկերասփռուած հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան հարցով Թուրքիան դիւանագիտական աշխուժ կապի մէջ է շարք մը երկիրներու հետ, յատկապէս` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ: «Որեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ մեր ռազմական գործողութեան օրինականութիւնը, Թուրքիան ունի իր սահմանները պաշտպանելու իրաւունք», ըսած է Քալըն:



