Նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի աշխարհին մէջ փոխանցումները չդադրեցան եւ մարզիկներ ունեցան իրենց նոր խումբերը, մինչ ոմանք իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին:
– ՀՈԼԱՆՏԱԿԱՆ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ռոպին Վան Փերսի վերադարձաւ իր նախկին կազմին` կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ:
34 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամսուան սկիզբը խզեց իր պայմանագրութիւնը թրքական Ֆեներպահչէի հետ:
Ան 2001-էն 2004 մաս կազմած է Ֆէյէնուրտի եւ 61 մրցումի ընթացքին նշանակած 14 կոլ:
– ՆԻՍԻ (Ֆրանսա) յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի ամրան ընթացքին ազատ փոխանցումով մը կրնայ միանալ Եուվենթուսին, կը յայտնէ «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ»-ը:
Կը նշուի, որ այս գործարքը դիւրութեամբ պիտի յաջողի, որովհետեւ ֆութպոլիստի գործակատարին` Մինօ Ռայոլայի եւ Եուվենթուսի յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Նիսի հետ մասնակցած է 24 մրցումի եւ նշանակած 18 կոլ:
Շատ հաւանական է, որ Եուվենթուս 5 տարուան պայմանագրութիւն մը առաջարկէ 27 տարեկան իտալացիին:
– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը պելճիքացի իր ֆութպոլիստին` Քեւին Տը Պրիւյնէի պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2023:
Այս նոր պայմանագիրին հիմամբ, ան տարեկան պիտի ստանայ 13,5 միլիոն փաունտ:




