Սպանական «ԱՍ» պարբերաթերթը կատարած է հարցախոյզ մը, իմանալու համար համակիրներուն կարծիքը` Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մասին:
Համակիրներուն 67,5 առ հարիւրը նշած է, որ չ՛ուզեր Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը տեսնել արքայական ակումբին մէջ:
Այս հարցախոյզին պատասխանած են 125 հազարէն աւելի համակիրներ:



