Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Արցախեան Տագնապի Կողմերուն Յորդորած Են Ամրապնդել Շփման Գիծի Յարաբերական Անդորրը

January 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են Քրաքովի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը:

Ինչպէս «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 17 յունուարին հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, իսկ 18 յունուարին` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Համանախագահները 18 յունուարին նաեւ մասնակցած են արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:

«Նախարարները եւ համանախագահները քննարկած են նախորդ վեհաժողովներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած համաձայնագիրներու իրականացման ուղղուած հետագայ քայլերը: Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման վերաբերեալ համանախագահներու վերատեսութեան ենթարկուած նախնական փաստաթուղթի սկզբունքներուն` ըստ կարելւոյն շուտ զայն իրականացնելու ակնկալիքով:

«Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը եւ համանախագահները տեսակէտներ փոխանակած են հիմնական զգայուն հարցերու վերաբերեալ, որոնք կան սեղանին վրայ գտնուող աշխատանքային առաջարկներուն մէջ: Բացի ատկէ, համանախագահները կոչ ուղղած են յառաջ մղելու վստահութիւնը ամրապնդող միջոցները` իբրեւ բանակցային հոլովոյթի կարեւոր բաղկացուցիչ մաս: Նախարարները եւ համանախագահները ընդունած են շփման գիծին մէջ յարաբերական անդորրը, եւ համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն` ամրապնդելու այս դրական միտումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Համանախագահները նախարարներուն յայտնած են իրենց հետաքրքրուածութիւնը` հետագային քննարկելու տագնապէն վնասուած գօտիներուն մէջ 2010 թուականի գնահատող առաքելութեան շարունակման կարեւորութիւնը:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտնած են փետրուարի սկիզբին շրջան այցելելու մտադրութեան մասին»:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Դարձեալ Օրակարգ Պիտի Բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Հարցը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Նախագահի Թեկնածուի Վերաբերեալ Մեզի Հետ Քննարկում Եղած Է»

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.