Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 21-27 յունիսին պիտի ձեռնարկէ շրջապտոյտ մը, որ կը ներառէ եւրոպական շարք մը երկիրներ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Թիլըրսըն 21 յունուարին պիտի այցելէ Լոնտոն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի հետ:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները պիտի քննարկեն Իրանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Ուքրանիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի հարցերը, իսկ 23 յունուարին Թիլըրսըն պիտի ուղղուի Փարիզ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Թիլըրսըն 24-26 յունուարին պիտի մասնակցի Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Տնտեսական միջազգային համախմբումի աշխատանքներուն:
Թիլըրսըն իր եւրոպական շրջապտոյտը պիտի աւարտէ 26 յունուարին` Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներով:



