ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Անձի մը օժանդակութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել: Անձնական առումով, դժուար ժամանակ մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեզ վիրաւորող ու վարկաբեկող խօսքեր պիտի լսէք: Մի՛ խախտէք օրէնքները: Հրաժարեցէք որեւէ վիճաբանութենէ կամ ընդհարումէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուսանողական եւ նիւթական ձեր պայմանները լաւապէս հետապնդեցէք: Քննութիւններու շրջանին ինքնավստահ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դրական շրջան մըն է` կարծիքներ փոխանակելու: Պայմանները յարմար են` նոր էջ բանալու եւ նոր ծրագիրներ հետապնդելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ճնշումները եւ յոգնութիւնները պիտի բազմանան: Անձնական եւ ընտանեկան տագնապալի օրեր պիտի ունենանք: Հեռու կեցէք բացասական միտքերէ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ: Ճամբորդութեան մը պիտի ձեռնարկէք: Յարմար ժամանակ է ձեր ծրագիրներուն մասին խորհրդակցելու սիրելիներու հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դրական ու հաճելի օր մը պիտի ունենաք: Շահ մը ձեզ պիտի ուրախացնէ: Ընկերային պտոյտի մը մասնակցելով` հաճելի պահեր պիտի ապրիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Վիճաբանութիւն մը ձեր տրամադրութիւնը պիտի խանգարէ: Ճկուն եղէք: Ձեր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Աշխատանքը նոյն աշխուժութեամբ շարունակեցէք: Անձնապէս հետապնդեցէք ձեզի սիրելի անձի մը պարագան: Հեռու մնացէք որեւէ վիճաբանութենէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հանգիստ պիտի զգաք ձեզ շրջապատող ընկերներով ու բարեկամներով: Դուք ձեզի նեղ կացութեան մի՛ մատնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ աճապարէք որոշում մը տալու: Զգուշ եղէք վիճաբանութենէն: Կարեւոր որոշում մը մեծապէս պիտի ազդէ ձեր առօրեային վրայ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ աճապարէք հարցերը լուծելու համար: Դանդաղ շրջան մը պիտի ապրիք: Պատրաստ եղէք յուսախաբութիւն մը ապրելու:
