Այսօր` Պէյրութ – Շանվիլ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լուէյզի, որ Ժիպէյլի մէջ հիւրը եղաւ Պիպլոսի, արձանագրեց 91-82 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երէկուան այս մրցումին, Լուէյզիէն 36 կէտ նշանակեց Մարվել Հերիս, մինչ Թրեւիս Ֆրանքլին` 21:
Պիպլոսէն Նիքոլոզ Ցիքիթիշվիլի տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (26 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Լուէյզի արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը (տասը պարտութեան կողքին), մինչ Պիպլոս, որ ցարդ արձանագրած է միայն 2 յաղթանակ, կրեց իր 14-րդ պարտութիւնը:



