Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

November 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

21 սեպտեմբեր 2011, առաւօտ կանուխ զինուորական փողերախումբը, մարտական հնչողութեամբ, իր շուրջ հաւաքած էր արդէն հազարաւոր մարդիկ:

Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակի տարեդարձը կը յիշատակուէր աներեւակայելի շքեղութեամբ:

Պանդոկի պատուհանին եզրին թառած` կը դիտէի մեծ յափշտակութեամբ, զինուորական տողանցք` Երեւանի սրտին մէջ, եռագոյն դրօշներու առաջնորդութեամբ, զօրամասերը, խումբ առ խումբ, իրենց յատուկ անուններով, անկախ հայրենիքի փառքը կը հիւսէին խրոխտ ու հպարտ, վճռական քայլերով: Յուզումը կը խեղդէր կոկորդս, ուրախութեան եւ ափսոսանքի խոր զգացումը կը փոթորկէր հոգիս:

Աստուա՛ծ իմ, մեր ուսուցիչներուն երազանքն ու մարգարէացած խօսքերը կը կենդանանային հրաշքի համազօրութեամբ: Նայուածքս սեւեռած զինուորական շքերթին` մտքով կը փոխադրուիմ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկրորդ յարկի ծայրամասի դասարանը:

Կարօ Սասունին` հայերէնի գրականութեան եւ պատմութեան մեր ուսուցիչը, կը խօսի համաթուրանական քաղաքական անմարդկային ծրագիրներուն մասին. Արեւմտահայաստանը վերջնականապէս պարպել քրիստոնեայ հայ ժողովուրդէն:

Վեց հարիւր տարուան ստրկութենէն սպառած հայը, գերութեան ճիրաններէն դուրս գալու վճռակամութեամբ, կ՛որոշէ կիրարկել «մեռցնելով մեռնելու» քաղաքականութիւնը… Ազատագրական շարժումը ծայր կու տայ: Հերոսական կռիւներ, առեւանգումներ, մահեր, արտագաղթ, աւազախրած մարմիններ, մէկուկէս միլիոն նահատակ… եւ` աշխարհացրիւ հայութիւն:

28 մայիս, 1918, անկախ հայրենիքի երազը կ՛իրականանայ:

1921-ին Հայաստանի խորհրդայնացումով տապանաքարը կը դրուի ազատատենչ ժողովուրդի հոգիներուն վրայ:

Դասարանը լուռ է ու ճնշուած. լռած է նաեւ Կ.  Սասունին, որուն դէմքի կնճիռները կը դրսեւորեն իր փոթորկոտ ներաշխարհը. համամարդկային քաղաքական այլազան երեւոյթներ կը խթանեն իր երեւակայութիւնը, եւ յանկարծ մատը ցցելով կ՛ըսէ. «Ես չեմ տեսներ, բայց դուք պիտի տեսնէ՛ք… Եռագոյնը պիտի ծածանի հանրապետութեան շէնքին վրայ…»:

Այս ահաւոր ողբերգութեան ականջալուր` դասարանը կը մնայ անդրդուելի:

«Քաղաքական այնպիսի վերիվայրումներ տեղի պիտի ունենան, որ Հայաստանն ալ իր կարգին պիտի ստանայ վերանկախանալու իր իրաւունքը…», կը շարունակէր ան:

Յուսալքուած մեր հոգիները կը վերաշխուժանան պատանեկան գերագոյն ընկալումով:

Լեւոն Շանթ` Ճեմարանի տնօրէն, իր հրապարակային դասախօսութիւններու ընթացքին ինքնավստահ եւ համոզումով կը յայտարարէ. «Կարելի չէ մարդկութիւնը վերածել լուցկիի տուփերու` հաւասար չափով կտրուած փայտիկները քով-քովի շարելով: Համայնավարութիւնը կեղծիք է, պիտի տապալի՛, չի կարելի այսպէս շարունակել… պիտի տապալի՛»:

Քաղաքացիական պատմութեան պահն է, Սիմոն Վրացեան` Լեւոն Շանթի յաջորդը հանդիսացող մեր տնօրէնը, կը խօսի խորհրդային վարչակարգի ապազգայնացած բռնատիրութեան մասին եւ վերլուծելով ժողովուրդներուն հոգեվիճակը` կ՛եզրակացնէ. «Ես ժողովուրդիցս չե՛մ վախնար, քարէն իր հացը կը ճարէ, բայց հայ ժողովուրդին դիմագիծը պիտի փոխուի»:

Քսանամեակի շքերթը կը շարունակուի, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ երիտասարդ կղերականներ, Վարդանանց պատերազմը յիշեցնող ղեւոնդ երէցներու ժառանգորդներ, խաչով եւ զէնքով եկեղեցին ու հայրենիքը պաշտպանելու գիտակցութեամբ:

Ցամաքային եւ օդային զինատեսակներու ցուցադրութիւնը ինքնապաշտպանութեան յոյսը կը ներշնչէ բոլորիս:

Քսանամեակի առիթով տեղի կ՛ունենան նաեւ մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ համահայկական ժողովներ` սփիւռքի կազմակերպութիւններու անխտիր մասնակցութեամբ:

1915-ի Ցեղասպանութենէն ողջ մնացած որբերու հսկայ փաղանգ մը, անտէր անօգնական, իր նախնիներէն ժառանգած նկարագրային արժէքներով, օրէ օր դժուարութիւնները յաղթահարելով կը կազմէ ներկայի ազգասէր եւ հայրենասէր բարգաւաճ սփիւռքը: Քսան տարիներու ընթացքին անկախ Հայաստանի  ժողովուրդը քաղաքական ապազգայնացած պետութեան վերաբերմունքէն դժգոհ` կը լքէ հայրենիքը, խոր ընդվզումի ենթարկելով հայրենասէր սփիւռքը: Ժողովը առիթ կը ստեղծէ դժգոհութիւնն ու ընդվզումը պաշտօնապէս արտայայտելու, թրքամէտ եւ շահագրգիռ իշխանութեան կիրարկած քաղաքականութեան հանդէպ: Երկրին գլխաւոր արդիւնաբերութիւնները սեփականացուցած, անձնական եւ նիւթական շահերով տարուած, հարստութենէ յղփացած փոքրամասնութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ հայ մարդուն` սեփական հողը լքելով մեկնելու… իր առօրեայ հացը ճարելու:

Զինուորական շքերթը կը հասնի իր լրումին, անկախ Հայաստանի դրօշը կը ծածանի հանրապետութեան շէնքին վրայ…

Հայաստանը կը պարպուի:

Մտահոգութիւնն ու տխրութիւնը դարձեալ կը ճնշեն գիտակից հայու հոգիներուն:

Պանդոկի պատուհանին եզրին թառած` ուրախութեան քարացած արցունքներով, զգաստացումի եւ նոր զարթօնքի «ոտնաձայնը» լսելու լաւատեսութեան յոյսով… կը հեռանամ պատուհանէն:

 

Պոսթըն

Նախորդը

ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴՈՒ ԵՍ»Ի ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Յաջորդը

«ԿԻՊՐՈՍԻ ԹԵՄԻ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ» (ԽՄԲԱԳԻՐ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.