Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց. «Սուրիական սահմանին նկատմամբ մեր մտավախութիւններուն վերաբերեալ ամերիկացի պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները ամբողջովին մեզ չբաւարարեցին»:
«Սուրիոյ հետ մեր սահմանին վրայ ահաբեկչական բանակ ստեղծելը Ամերիկայի հետ յարաբերութիւններուն պիտի պատճառէ վնաս մը, զոր կարելի չէ դարմանել», աւելցուց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Մընպեժի եւ Ռաքքայի վերաբերեալ իր խոստումները չէ յարգած եւ «անոր նկատմամբ մեր կասկածները կը շարունակուին»:
«Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Սուրիոյ մէջ Աֆրինի դէմ յարձակումին վերաբերեալ համակարգում պիտի կատարենք», ըսաւ ան` նշելով. «Ամերիկան տեղեակ պահեցինք, որ չենք ուզեր այդտեղ դաշնակից մը դիմակայել»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Անգարա թրքական բանակի սպայակոյտի պետն ու թրքական գաղտնի սպասարկութեան պետը գործուղած է Ռուսիա` հանդիպում ունենալու համար իրենց պաշտօնակիցներուն հետ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց. «Պէտք է դադրեցնել Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի յառաջխաղացքը»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց. «Թրքական շարժումները մեզ մեծապէս կը մտահոգեն, եւ թրքական ղեկավարութիւնը կը զգուշացնենք որեւէ զինուորական արարքէ»:
«Թրքական որեւէ զինուորական քայլ սուրիացիներու կողմէ պիտի արժանանայ պատշաճ դիմակայման», աւելցուց ան:
«Թրքական զինուորական քայլ մը պիտի բարդացնէ լուծման երաշխաւորներէն մէկը ըլլալու անոր դիրքը, որովհետեւ ինքզինք պիտի ներկայացնէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ նոյն կշիռին վրայ», յայտնեց Մըքտատ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց. «Սուրիական հակաօդային ուժերը ամբողջովին վերականգնեցին իրենց ուժը եւ պատրաստ են տապալելու թրքական օդային որեւէ յարձակում»: «Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը պատրաստ են վար առնելու թրքական օդային որեւէ թիրախ, եթէ թրքական օդանաւեր յարձակում շղթայազերծեն», ընդգծեց Մըքտատ:



